Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շու-ի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ «Թաուլու» մարզաձեւի մարզիչի Գ. կարգի առցանց յատուկ դասընթացք մը:
Այս Ա. հանգրուանին պիտի յաջորդէ Բ. հանգրուանը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Բ. կարգի վկայագիրներ ունեցող մարզիչները:
Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի բոլոր նահանգներէն մասնակցած մարզիչներ:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Բ. հանգրուանէն ետք պիտի կատարուին քննութիւններ, եւ յաջողած մարզիչները պիտի ստանան իրենց վկայագիրները: