Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

January 26, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գիտաժողովէն պահ մը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, երէկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալով բանակի 20-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին, անդրադարձաւ բանակի դերին ու նշանակութեան մասին անկողմնակալ ու ճշմարիտ ըմբռնման խնդիրին: Ան կարծիք յայտնեց, որ մինչեւ այսօր այս մասին խօսուեցաւ զգացմունքային բեմի վրայ եւ նկատի չառնուեցաւ, որ բանակը որքան մեծ ու հզօր, նոյնքան ալ նուրբ եւ զգայուն կառոյց է:

Ըստ անոր, կարելի չէ բանակի մասին դատել ներքաղաքական զարգացումներով պայմանաւորուած նեղ շահերու, միջկուսակցական բախումներու եւ վերջապէս տարբեր հանգամանքներու զուգորդման իբրեւ արդիւնք տուեալ պահուն ձեւաւորուած հասարակական տրամադրութիւններուն լոյսին ներքեւ:

Անդրադառնալով զինամթերքի արդիականացման, Սէյրան Օհանեան նշեց, որ խորհրդային շրջանին  Հայաստանի մէջ զինուորական նշանակութեան որեւէ արտադրանք չէր ստեղծուեր: Նախարարը յայտնեց, որ 1992 թուականէն ի վեր գրեթէ զերոյէն սկսաւ ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ստեղծումը:

«Իսկ այսօր մեր նախաձեռնութեամբ կը  նորոգուի զինամթերքի եւ զինուորական գործիքներու ամբողջ տեսականին», ըսաւ Օհանեան:

Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ վերջին 10 տարիներուն հսկայական աշխատանք տարուած է նաեւ միջազգային զինուորական համագործակցութեան ասպարէզին մէջ, որուն շնորհիւ զարգացած են երկկողմանի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական պետութիւններուն, Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի հետ:

Իսկ ռազմաքաղաքական դաշինքներուն հետ համագործակցութեան մէջ բանակը գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ծրագիրներուն մէջ:  Օհանեան յայտնեց, որ աշխատանք տարուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ Հայաստանի ամէնէն հին, 20 տարիներու գործընկեր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ:

 

Նախորդը

ՍԱՐՔՈԶԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՇԱՀԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.