Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ

January 26, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի` ՀՅԴ պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է իշխանութեան պետերուն կատարուելիք այցելութիւններու շարքի մը, որուն շրջագիծին մէջ այսօր ան կը գտնուի վարչապետ Միքաթիի մօտ եւ աւելի ուշ պիտի այցելէ երկրին քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն` յստակացնելու համար կեցուածքները եւ քննարկելու համար շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ արձանագրուող լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ պատուիրակութիւնը իր այցելութիւններուն ընթացքին կը միտի վերահաստատել ՀՅԴ-ի սկզբունքները, որոնք կ՛ենթադրեն երկրին դիմագրաւած հարցերը երկխօսութեամբ լուծել եւ հեռու մնալ քաղաքական լարուած մթնոլորտ ստեղծող բառամթերքէն:

«Պէտք է կառավարութեան աշխատանքը աւելի եւս աշխուժացնել եւ նկատի առնել անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն ապրուստի ու կենցաղային հարցերը եւ անպայման լուծումներ գտնուի ապրուստին ապահովումը խոչընդոտող այդ հարցերուն: Անհրաժեշտ է ամրապնդել նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ չօգտագործելու այնպիսի միջոցներ, որոնք չեն ծառայեր Լիբանանին, յատկապէս շրջանին դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին մէջ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած են նաեւ երկրին ապրուստին, Մեթնի բարգաւաճման, ելեկտրականութեան տագնապին եւ պետական նշանակումներուն վերաբերող հարցեր: «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շեշտեց լիբանանահայութեան իրաւունքը յարգելու եւ անոր իրաւազրկումին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս վարչական եւ դիւանագիտական նշանակումներուն մէջ հայ համայնքը նկատի ունենալու իմաստով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Միւս կողմէ, առաւօտեան երեսփոխան Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրավիճակը եւ  շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան հետ առնչուող հարցեր:

Երեսփոխան Բագրատունի անգամ մը եւս շեշտեց, որ յառաջիկայ դիւանագիտական նշանակումներուն մէջ անպայմանօրէն հայ համայնքը ներկայացուած պէտք է ըլլայ:

 

 

Նախորդը

ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ

Յաջորդը

«ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.