Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի Դամբանականը` Պատրիկ Կիւլպէնկեանի Յուղարկաւորութեան

Յունուար 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար է այն պահը, երբ հարազատներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին վերջին հրաժեշտ տալու սիրելիի մը, որ առյաւէտ կը բաժնուի իրենցմէ:

Կը փորձեն գտնել մխիթարութեան եւ սփոփանքի խօսքեր` քաջ գիտնալով, որ անպայման պիտի չմխիթարեն եւ չսփոփեն մեզ, երբ հեռացողը իր ետին ձգած է բազմամեայ վաստակ`  միութենական հարուստ գործունէութեամբ:

Պատրիկ Կիւլպէնկեան ծնած է 1932-ին, Համատանի մէջ, Պարսկաստան: Ան իբրեւ սկաուտ` ՀՄԸՄ-ին մաս կազմած է 1950-ին, Պէյրութի մէջ:

1950-1953 եղած է Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբի անդամ:

1960-1970 եղած է Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ: Այնուհետեւ, 1975-1978 մաս կազմած է Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` ստանձնելով գանձապահի պաշտօն:

1987-1999, 1991-1995, 1995-1999 եւ 2003-2007 եղած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական Դ., Ե., Զ. եւ Ը. բանակումներուն ստանձնած է գանձապահի պարտականութիւն:

Երկար տարիներ եղած է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի վարչական պատասխանատու եւ լիազօր ներկայացուցիչ:

Մասնակցած է միութեան գերագոյն`  Պատգամաւորական 9 ժողովներուն:

2007-ին եղբ. Պատրիկ պարգեւատրուած է Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին եւ լիբանանեան պետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ:

14 նոյեմբեր 2008-ին, միութեան 90-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանով:

Պատրիկ Կիւլպէնկեան տարիներ շարունակ անշահախնդիր, բծախնդիր մօտեցումով եւ ՀՄԸՄ-ավայել միութենականի բարձր գիտակցութեամբ եւ նուիրումով ծառայեց իր պաշտած միութեան:

Բախտը ունեցած եմ փոքր տարիքէս ծանօթանալու եղբ. Պատրիկին` իբրեւ սկաուտ, ապա իբրեւ խմբապետ եւ միութենական: Իմ առաջին դրական տպաւորութիւնս պահած եմ մինչեւ հիմա, ինչպէս է պարագան բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն եւ մեզմէ ամէն մէկուն, որոնք աշխատած եւ գործակցած են եղբ. Պատրիկին հետ, միութենական յանձնախումբերու կամ այլ պատասխանատու մակարդակներու վրայ:

Եղբ. Պատրիկ իր միութենական աշխատանքին ընթացքին յատկանշուեցաւ իբրեւ խոնարհ զինուոր միութեան, ազնիւ ոգիով եւ ընտիր նկարագիրով անհատ մը, միշտ համբերատար եւ ուշադիր` անզգալաբար չվիրաւորելու ոչ ոքի, իրողութիւն մը, որ ակամայ մեր հեւքոտ առօրեային մաս կը կազմէ մեր միութենական գործակցութեան ընթացքին:

Սիրելի՛ եղբ. Պատրիկ,

Թէեւ այսօր տխուր ենք, որ մեզմէ կը բաժնուիս առանց լուր տալու, առանց մեզի առիթը տալու քեզմէ հրաժեշտ առնելու, բայց շատ լաւ գիտենք, որ դուն ապրեցար ՀՄԸՄ-ական հարուստ կեանք մը հաւատարիմ ըլլալով միութեան նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ին եւ քու ազնիւ ու ՀՄԸՄ-ական տիպարով օրինակ դարձար մեզ եւ քեզ ճանչցող բոլոր միութենականներուն:

Քեզ հարազատ միութենական եղբայրներդ եւ քոյրերդ իրենց սիրտերուն մէջ պիտի պահեն քու յիշատակդ, քու ազնիւ ժպիտդ եւ տիպար ՀՄԸՄ-ականի քու ձգած ժառանգդ, զոր փոխանցեցիր քեզի յաջորդող սերունդներուն:

Այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք ունինք քու փոխանցած միութենական դաստիարակութեանդ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ականներէն կ՛ակնկալուի առաւել աշխատանքի կամք` քեզի նման, առաւել հաւատք եւ նուիրում ՀՄԸՄ-ի տեսլականին` քեզի նման, աւելի գործ` քեզի նման, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել միութեան եւ հայ ազգին օրէ օր ծանրացող մարտահրաւէրներուն դէմ:

ՀՄԸՄ-ը 102-ամեայ իր պատմութեան մէջ ունեցած է պատկառելի ղեկավարներու փաղանգ մը, որոնք իրենց տիպարով օրինակը ծառայեցին «Կամաւոր բանակ»-ին, սակայն հազուագիւտ եղած են եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեանի նման ազնիւ եւ նուիրեալ անձերը, որոնք երկարաշունչ ձեւով պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնած ըլլան, եւ որոնց արժէքը եւ բացակայութիւնը ժամանակի ընթացքին աւելի զգալի պիտի ըլլայ:

Երթդ բարի, սիրելի՛ եղբ. Պատրիկ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Նախորդը

Յետմահու Նամակ` Գառնիկ Մկրտիչեանէն Պատրիկ Կիւլպէնկեանին*

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023
Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Անդրադարձ

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յունուար 27, 2023
Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»
Անդրադարձ

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In