Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Քառասուն օրերը ժամանակի իմաստով երկար տեւողութիւն չեն, սակայն, անվերադարձ բաժանումի պարագային, իսկապէս ծանր են ու երկար: Դիւրին չէ քառասուն օրուան մէջ հաշտուիլ կորուստին հետ մարդու մը, որ ՀՄԸՄ-ի ճամբով 70 տարուան ծառայութիւն մատուցեց հայ մարմնակրթութեան` ազնիւ մարդու եւ մաքրամաքուր ՀՄԸՄ-ականի բարի անուն ձգելով իր ետին:
Խօսքը ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցի երկրորդ սերունդի տիպարային ներկայացուցիչներէն Պատրիկ Կիւլպէնկեանի մասին է, որ քառասուն օրեր առաջ իր սիրելիներուն եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հրաժեշտ տուաւ լուռ եւ անշուք, այնպէս` ինչպէս ապրած էր իր բովանդակ կեանքը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի երիցագոյն սերունդի վերջին մոհիկանն էր ան: Մէկը, որ 1950-էն մինչեւ մահը ապրեցաւ ու գործեց միութենական քանի մը սերունդի հետ, յարգուեցաւ ու սիրուեցաւ բոլորէն: Բեմերու մարդը չեղաւ ան, թէեւ տասնվեց տարի գործեց միութեան բարձրագոյն բեմին` Կեդրոնական վարչութեան չորս կազմերուն մէջ, պատկառելի գործակիցներ ունենալով տոքթ. Միսաք Արզումանեանն ու Բիւզանդ Թորիկեանը, Յարութիւն Գեղարդն ու Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանը, Երուանդ Տեմիրճեանն ու Արա Յակոբեանը, Կարօ Թիւթիւնճեանն ու Միհրան Շիմշիրեանը:

Թերթերու եւ լուսանկարներու մէջ չերեւաց ան, թէեւ 35 տարի տքնաջան գործեց ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի պահպանման ու զարգացման համար, մինչեւ կեանքին վերջ պայքարելով անոր անխափան հրատարակութեան համար: Պատրիկ Կիւլպէնկեան եղաւ «Մարզիկ»-ի մօտ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մնայուն ներկայացուցիչը: Իսկ երբ տարիքի բերումով դադրեցաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամակցութենէ, ան դարձաւ հեղինակաւոր ատենապետը անոր վարչական կազմին` մինչեւ մահ ամսական կանոնաւորութեամբ ներկայ գտնուելով անոր բոլոր ժողովներուն: Բացակայեցաւ միայն վերջին ժողովին, առողջութեան վատթարացման պատճառով: Իսկ երբ տարիներու գործակիցն ու մտերիմը, մեզմէ յաւէտ բաժնուած Գառնիկ Մկրտիչեանը Կիւլպէնկեանի մահէն օր մը առաջ իրեն այցելեց, վերադարձին փոխանցեց «Մարզիկ»-ի վերջին թիւին մասին անոր հարցապնդումը եւ թերթին ամէն գնով տէր կանգնելու յորդորը:
Պատրիկ Կիւլպէնկեան ընտանիք չունեցաւ, ՀՄԸՄ-ը եղաւ իր մեծ ընտանիքը: Երիտասարդութիւնը անցուց ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ, հասուն տարիքը` վարչական կազմերուն մէջ, իսկ ծերութիւնը` «Մարզիկ»-ի ծառայութեան մէջ: Իր զաւակներն ու թոռները եղան ՀՄԸՄ-ական իր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ակնածանքով յարգեցին զինք, գնահատեցին ու պատուեցին միշտ:
Իսկ ո՞վ էր մինչեւ մահը շատերուն համար անծանօթ Պատրիկ Կիւլպէնկեանը:
Տասնեօթը տարեկանին «Պարսկաստանի խորքից»` Համատանէն Պէյրութ ժամանած երիտասարդ Պատրիկը կը սերէր պատմական Կիւլպէնկեան ընտանիքի ազնուական շառաւիղէն: Պէյրութի մէջ ան երկրորդական ուսումը կը ստանայ Հայ աւետ. քոլեճին մէջ, իսկ այնուհետեւ` 1956-ին ան կը վկայուի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն:
Կրթական զարգացման առընթեր, Պատրիկ Կիւլպէնկեան նախանձախնդիր կ’ըլլայ հոգիի ազնուութեան զարգացման: Մօրեղբօր` վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական Կրեկուար Մղձաւետիքեանի քաջալերանքով ան կ’անդամակցի ՀՄԸՄ-ին եւ կը գործէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի հեծելարշաւի յանձնախումբին մէջ: Շատ չանցած, սակայն, կարգապահ, օրինապահ եւ ճշդապահ Պատրիկը կ’անդրադառնայ, որ իսկական տեղը տիսիփլինի աշխարհն է` սկաուտութիւնը եւ մատղաշ սերունդի դաստիարակութիւնը: Ան աւելի քան տասը տարի մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի եւ ապա Լիբանանի Շրջանային սկաուտ. խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութեան, առիթը ունենալով գործակցելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի փառքի օրերը կերտած ղեկավարութեան` Յովհաննէս Շահինեաններու, Վահէ Դանիէլեաններու, Վարուժան Մուրատեաններու, Վարդգէս Հայրապետեաններու, Ալեքքօ Պէզիքեաններու, Արա Պապիկեաններու, Վարուժան Խանամիրեաններու եւ բազմավաստակ այլ դէմքերու հետ:
Լիբանանի նախապատերազմեան այդ տարիները ինչպէս ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքին, նոյնպէս ալ սկաուտական կեանքին վերելքն ու զարգացումը կը նշեն: Պատրիկ Կիւլպէնկեան մասնակից է սկաուտական շարքերու քանակական եւ որակական աճին համար թափուող ճիգերուն: Ան ներկայ է, կը ղեկավարէ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան միջմասնաճիւղային բանակումները, սեմինարները, հայ սկաուտութեան 60-ամեակին նուիրուած շքեղ տօնակատարութիւնները: Լուռ շուքը ամէն տեղ է, անունը` ո՛չ մէկ տեղ: Ներկայ է գործը, բացակայ է անձը` եսը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը յեղաշրջէ շատ բան: Միութենական գործունէութեան նախկին թափը կը նահանջէ: Պատրիկ Կիւլպէնկեան սակայն կը մնայ պատնէշի վրայ, թէեւ իրեն առիթներ կը ներկայանան երկրէն հեռանալու: Պատերազմի ամէնէն տագնապալի օրերուն` 1977-1985, ան երեք շրջան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ է սկաուտական աշխատանքներու ներկայացուցիչի հանգամանքով, միշտ հետամուտ` կարելին փրկելու եւ մատղաշ սերունդը ՀՄԸՄ-ի հայաշունչ դաստիարակութենէն չզրկելու: Ռումբերու տակ ժողովներու ներկայ է: Համեմատական խաղաղութեան օրերուն հաւաք եւ Մայիսեան փառատօն կը կազմակերպէ` տեւաբար գործելով քուլիսներու ետին, իրեն յատուկ խոնարհ ու հեզ բնաւորութեամբ:
1987-ը կարեւոր դարձակէտ մը կը նշէ Պատրիկ Կիւլպէնկեանի ՀՄԸՄ-ական կեանքին մէջ: Այդ տարի միութեան Պատգամաւորական չորրորդ Ընդհանուր ժողովին ան կ’ընտրուի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ այնուհետեւ երեք անգամ կը վերընտրուի` 1991-ին, 1995-ին եւ 2003-ին, ստանձնելով գանձապահութեան պատասխանատու պաշտօնը: Կեդրոնական վարչութեան անդամակցութեան առաջին ութ տարիները կը զուգադիպին ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման փուլին: Իրարու ետեւէ գործուղումներ կը կատարուին, աստիճանաւորական սեմինարներ կ’իրագործուին, իսկ կարեւորագոյն եւ մեծագոյն նորութիւնը կ’ըլլայ ՀՄԸՄ-ական երազին իրականացումը` համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն կազմակերպումը մայր հայրենիքի` Բիւրականի եւ Աղաւնաձորի մէջ: Պատրիկ Կիւլպէնկեան կարեւոր դերակատարութիւն ունի այս բոլորին յաջողութեան մէջ: Կազմակերպական տեսակաւոր դժուարութիւններու յաղթահարման կողքին, մեծ բծախնդրութեամբ ու համբերութեամբ ան գլխաւոր պատասխանատուն է հսկայական աշխատանքին նիւթական գործառնութիւններուն, հաշուական բոլոր ելք ու մուտքերուն: Իւրաքանչիւր դահեկանի վրայ դողացողն է ան, միութեան նիւթականին հանդէպ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ` անտեղի ծախս մը չկատարելու կամ միութեան գումարները շռայլութեամբ չմսխելու համար: Չէ՞ որ իւրաքանչիւր դահեկանի մէջ ՀՄԸՄ-ականի մը քրտինքը կայ: Նուիրատուի մը վստահութիւնը եւ բարերարի մը յանձնառութիւնը կայ:
Վարչական աշխատանքները, որքան ալ` տաղտկալից ու սպառիչ, Պատրիկ Կիւլպէնկեանը ետ չեն մղեր իր «առաջին սէր»-էն` սկաուտութենէն, որուն զարգացման եւ կատարելագործման համար ջանք չի խնայեր ան` իր խօսքով ու գործով մարմնաւորելով այն բոլոր արժէքները, որոնք տիպար սկաուտի մը բնորոշ գիծերը կը կազմեն: Մինչեւ վերջ ան կը մնայ հաւատքով ու եռանդով սկաուտ` չարքաշ ու աշխատասէր, նուիրեալ ու ծառայասէր, «ամէն օր բարիք մը գործելու» պատրաստակամութեամբ: Փափկանկատ` բոլորին նկատմամբ, յարգալիր` մեծին ու փոքրին հանդէպ:
Նկարագրային ու խառնուածքային գիծերով սովորականէն տարբեր մարդ մըն էր Պատրիկ Կիւլպէնկեան: Իսկական ազնուականի մը տիպարով` ան հեռու էր առօրեայ ճղճիմ հարցերէ, մանրուքներէ եւ ըսի-ըսաւներէ: Ջերմ պաշտպան էր ազգային աւանդական արժէքներու եւ միութենական բարոյական սկզբունքներու, որոնց հանդէպ ան ունէր պաշտամունքի հասնող կապուածութիւն: Այստեղ զիջումի հարց չէր կրնար ըլլալ իրեն համար: Ճակատը բաց կը քննադատէր թերացողներն ու ընկրկողները: Առանց չափազանցութեան` շատեր զինք կը նմանցնէին Դաշնակցութեան «Աշխարհիկ սուրբ»-ին` Զաւարեանին, զայն նկատելով ՀՄԸՄ-ի «Աշխարհիկ սուրբ»-ը:
Պատրիկ Կիւլպէնկեան մեծահոգի մարդուն եւ տիպար ՀՄԸՄ-ականին բնութագրումը կատարող այս տողերը կրնան երկարիլ եւ անդրադառնալ նաեւ այն բոլոր բարեմասնութիւններուն, որոնք հաւատաւոր այս միութենականը կը դարձնեն վեհանձնութեան եւ ազնուութեան իսկական խորհրդանիշ: Մէկը, որուն օրինակը լաւագոյն ուղեցոյց եւ ներշնչարան կրնայ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն, կը փափաքին կամ արդէն իսկ որոշած են ընթանալ ՀՄԸՄ-ի ճամբով մեր ժողովուրդին եւ անոր երիտասարդութեան ծառայութեան երկա՜ր ու փշոտ, բայց միաժամանակ հոգեկան հիասքանչ ինքնաբաւութեան ուղիէն:
Յիշատակդ անթառամ, վաստակդ անմոռաց, ազնի՛ւ ՀՄԸՄ-ական:
Սերունդները մի՛շտ պիտի յիշեն քեզ: