ԿԱՐՊԻՍ ԳԱՊԱՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սիրելի՛ եղբ. Պատրիկ,
Վստահ եմ, որ համեստութիւնդ վիրաւորած պիտի ըլլայի, եթէ ողջութեանդ անարժանաբար քեզ որակէի «անբասիր» վերադիրով:
Այո՛, անբասիր մակդիրը հոմանիշ էր անձիդ ու էութեանդ, ոչ միայն քեզ մօտէն ճանչցողներուն համար, այլ նաեւ` անծանօթ մարդոց համար, որոնք նկատեր էին վերաբերմունքդ այլոց հանդէպ:
Այո՛, անբասիր կը համարուէիր մեզի համար, որովհետեւ բոլոր հարցերու քու ըստ էութեան քննութիւններուդ եւ ներկայացումներուդ մէջ անաչառ ու անշահախնդիր էիր:
Այո՛, առյաւէտ պիտի մնաս անբասիր մակդիրի խորհրդանիշ` քու անհամար բարեմասնութիւններուդ եւ անշեղ նկարագիրիդ համար. եթէ փորձեմ զանոնք թուղթին յանձնել, ապա ուրեմն պէտք է թուեմ ու մեկնաբանեմ բառագիրքի բոլոր ածականները, որոնք կ’արտացոլային քու անձնական եւ միութենական կեանքիդ լրիւ տեւողութեան:

Գործեցիր ամրակուռ հաւատքով, առանց դժգոհելու, միշտ փորձելով կարողութիւններէդ աւելին եւ լաւագոյնը տալ, որովհետեւ անով կը հրճուէիր ու կը ցնծայիր:
Սիրելի՛ եղբայր Պատրիկ, թոյլ տուր, որ ընդգծեմ նաեւ նկարագիրիդ կարեւորագոյն յատկանիշը. կ’ըսէր. «Գծաքաշը ուղիղ կ’ըլլայ, ծուռիկ-մուռիկ գծաքաշը չեն գործածեր» եւ սաստիկ կ’ընդվզէիր, եթէ երբեք որեւէ ատեն, նոյնիսկ կամքէդ անկախ, սխալներ կամ թերութիւններ արձանագրէին. կ’ըսէր նաեւ. «Դուք ձեր անձին հանդէպ թերեւս կրնաք սխալիլ, բայց ՀՄԸՄ-ին հաշուոյն իրաւունք չունիք սխալելու, ՀՄԸՄ-ը սուրբ է»:
Ի վերջոյ կը շեշտէիր, որ միութենական պաշտօնը մարմիններու համար աթոռ չէ, ո՛չ ալ փետուր, որ գլխուն կապուած` կը պտտինք, այլ յանձնառութիւն է անխնայ աշխատանքի, անսակարկ նուիրումի, անշահախնդրօրէն եւ համեստօրէն ծառայելու դաշտ է, աշխատանքի լուծ է, որուն արդիւնքը բոլորին է, իսկ փառքն ու պատիւը` ՀՄԸՄ-ին:
Սիրելի՛ եղբայր Պատրիկ, ճիշդ է, որ այսօր դուն ֆիզիքապէս չկաս, բայց դուն մեր սերունդին համար միշտ պիտի ապրիս որպէս տիտան, սակայն ափսո՛ս, կը կարծեմ, որ ձեր սերունդի ժառանգորդները այլեւս անգտանելի են…
Յոյսով եմ, որ պիտի ծնին նորերը, որոնց համար ուզեցի գրել յիշատակիդ, թերեւս բարեմիտ օրինակիդ ուզեն հետեւիլ անոնք, որոնք պիտի լսեն ու կարդան քու մասիդ կատարուած հարազատ վկայութիւնները. այսօր, աւելի քան երբեք, ՀՄԸՄ-ը ծով կարիքը ունի նմաններուդ:
Լիարժէք միութենական կեանք մը բոլորեցիր, վաստակդ անգնահատելի է եւ պիտի մնայ անթառամ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ…