Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը` աւելցնելով, որ ինք Ռայի պատրիարքին ըսած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կը զօրակցի կրօններու միջեւ մերձեցումին, որ իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ:
Ասիրի նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը նեցուկ կը կանգնի կրօններուն, յատկապէս իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօններուն միջեւ գործակցութեան ու երկխօսութեան ամրապնդումին:
Ասիրի դարձաւ Պքերքէի ճաշի հիւրը:


