Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծնողք-Զաւակ Առողջ Փոխյարաբերութիւնը Կը Նպաստէ Աշակերտին Կրթական-Ուսումնական Բնական Զարգացման

January 22, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Յաճախ կրկնած ենք` ըսելով, որ տունը աճող մանուկին առաջին դպրոցն է, իսկ այդ դպրոցին մատակարարը ծնողն է:

Ծնողք-զաւակ առողջ փոխյարաբերութիւնը, շատ մը այլ ազդակներու կողքին, մեծ դերակատարութիւն ունի նախակրթարանի աճող աշակերտին կրթական-ուսումնական բնական զարգացումին մէջ:

Ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութեան առնչութեամբ ծնողներուն մէջ կը տեսնենք երեք խմբաւորումներ, որոնք ունին բոլորովին տարբեր մտածողութիւն եւ մօտեցումներ:

Ա.- Ծնողներ,  որոնք ամբողջական եւ բացարձակ մասնակցութիւն կը բերեն իրենց զաւակներու դպրոցական կեանքին մէջ եւ կ՛ըլլան ներգրաւուած ծնողներ. ասոնք իրենց կարգին կը ներկայանան երկու տարբեր խմբաւորումներով.

ա.- Ծնողներ, որոնք անցեալին յաջողակ եւ փայլուն եղած են. անոնք կը սպասեն, որ իրենց զաւակները ըլլան իրենց նման փայլուն եւ յաջող: Անոնք բնաւ չեն ընդունիր իրենց զաւակներուն ձախողութիւնները եւ կամ տկարութիւնները:

բ.- Ծնողներ, որոնք դժուարութիւններ ունեցած են անցեալին իրենց դպրոցական կեանքին մէջ: Այս ծնողները բնաւ չեն փափաքիր, որ իրենց զաւակները  դպրոցական կեանքի մէջ դժուարութիւններու մատնուին:

Բ.- Ծնողներ, որոնք ամբողջական անտարբերութիւն կը ցուցաբերեն իրենց զաւկին դպրոցական կեանքին նկատմամբ: Անոնք ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն եւ ոչ ալ միջամուխ կ՛ըլլան իրենց զաւկին դպրոցական աշխատանքներուն:

Գ.- Ծնողներ, որոնք հեռու կը մնան վերոյիշեալ երկու ծայրայեղութիւններէն եւ կ՛ունենան չափաւոր հեռաւորութիւն եւ մօտիկութիւն` իրենց զաւակներուն հետ եւ անոնց դպրոցական կեանքին հետ:

Աշակերտին կրթական-ուսումնական բնական զարգացումը երաշխաւորուած է ընդհանրապէս վերոյիշեալ երրորդ խմբաւորումին մաս կազմող ծնողի մը պատասխանատու եւ գիտակից  մօտեցումներով եւ միջոցառումներով: Այս խմբաւորումին պատկանող ծնողի մը մօտեցումներէն եւ գործելու միջոցառումներէն կարելի է յիշել հիմնականները.

Ան կը գործէ` հաւատալով, որ ինք իր զաւկին առաջին դաստիարակն է:

Կը սերմանէ իր զաւկին մտքին եւ հոգիին մէջ ազնիւ բարոյականութիւն եւ նախնական կարեւոր գիտելիքներ:

Կը հետեւի զաւկին դասացուցակին եւ դասանիւթերուն:

Կ՛օգնէ անոր դասերուն` պարզապէս ուղղութիւն տալով, բացատրելով  եւ ոչ թէ` ամբողջութեամբ կատարելով անոր պարտականութիւնները: Այս մէկը կը զարգացնէ իր զաւկին մէջ մտածելու եւ  տրամաբանելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` անձնական աշխատանքով ու ճգնելով յաջողելու հասկացողութիւնը:

Կ՛ունենայ հայ եւ օտար օրաթերթեր ու շաբաթաթերթեր տունէն ներս, որպէսզի իր զաւակը վարժուի թերթ կարդալու եւ ունենալու ընդհանուր զարգացում:

Տունէն ներս ժամեր կը տրամադրէ, որպէսզի մտերմանայ զաւկին հետ:

Դաստիարակչական եւ ընկերային յատուկ խաղերով ժամանակ կ՛անցընէ անոր հետ:

Թուաբանական պզտիկ հարցումներով եւ հաշիւներով զաւկին միտքը արթուն կը պահէ:

Արտադպրոցական ընթերցանութիւններ կ՛ընէ զաւկին հետ եւ հետաքրքրական նիւթերու մասին կը զրուցէ:

Կը սորվեցնէ զաւկին` բառարանի գործածութիւնը եւ կը մղէ, որ ան ամէն օր մի քանի վայրկեան բառարանով զբաղի, որպէսզի ունենայ ճշգրիտ ուղղագրութիւն եւ տառարտասանութիւն:

Կը քաջալերէ, որ զաւակը խօսի դպրոցական կեանքի մասին:

Կը լսէ զաւկէն, ամէն օր դպրոցէն վերադառնալէ ետք, դպրոցին մէջ պատահած  յատկանշական, հաճելի եւ ոչ հաճելի իրադարձութիւնները:

Շատ հարցումներ չ՛ուղղեր զաւկին, այլ կը ձգէ, որ ան արտայայտուի ինքնաբուխ եւ խօսի անվախ ու ազատօրէն:

Կը գնահատէ, կը քաջալերէ եւ կը մատնանշէ անոր նոյնիսկ պզտիկ յաջողութիւնը եւ կամ բարելաւումը: Գնահատանքի մէկ խօսք` զաւկին մէջ կը զարգացնէ ինքնավստահութիւն եւ զօրաւոր անհատականութիւն:

Զաւկին պզտիկ սխալները եւ տկարութիւնները տեւաբար չի մատնանշեր եւ ժխտական արտայայտութիւններ ու կեցուածքներ չ՛ունենար, որպէսզի  ան չատէ սորվիլը, չհեռանայ սորվելու հաճոյքէն, չյուսահատի եւ  չձախողի:

Կը հասկցնէ իր զաւկին, որ ան կարողութիւնը ունի սորվելու եւ յաջողելու:

Կ՛ունենայ հաւասարակշռուած, իրապաշտ եւ դրական կեցուածք` հանդէպ իր զաւկին, յաջողութեան թէ ձախողութեան պարագային:

Կը հասկցնէ զաւկին, որ սխալիլը եւ ձախողիլը պատահական են, եւ անոնք կը սրբագրուին` սորվելով, աշխատելով եւ ճգնելով:

Կը հասկցնէ անոր, որ յաջողիլը եւ սորվիլը կ՛իրականանան վարժութեամբ, կրկնելով եւ աշխատելով:

Կը կազմակերպէ անոր աշխատանքի եւ սորվելու վայրը, կերպը, ժամանակը:

Կը մղէ զաւակը, որ ինքնաբաւ ըլլայ, առանձին աշխատի եւ նախաձեռնող ըլլայ:

Զօրավիգ կը կանգնի անոր` բոլոր դժուարութիւններու պարագային, որպէսզի ան ապահով զգայ եւ չյուսահատի:

Շաբաթական դրութեամբ կը կազմակերպէ պտոյտներ: Անոնք միասին կ՛այցելեն թանգարաններ, շարժանկարի սրահներ, թատրոններ, ցուցահանդէսներ եւ ներկայ կ՛ըլլան երաժշտական ու մարզական ձեռնարկներու:

Կը քաջալերէ անոր արտադպրոցական խաղերը եւ աշխատանքները:

Կը մղէ զաւակը, որ ընկեր-ընկերուհիներ ունենայ եւ մշակէ անոնց հետ բարեկամութիւն  եւ մտերմութիւն:

Կը թելադրէ զաւկին, որ խաղէ դուրս ըլլայ հանդարտ, մտածէ եւ վերյիշէ դաստիարակին թելադրութիւնները եւ բացատրութիւնները:

Անօթի չի ղրկեր զաւակը դպրոց` քաջ գիտնալով, որ նախաճաշը խիստ կարեւոր է անոր արթնութեան եւ ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջութեան համար:

Ուշադրութիւն կ՛ընէ զաւկին սննդառութեան, մարմնամարզին, հանգիստին եւ քունին:

Բաղդատականներ չ՛ըներ իր զաւակներուն միջեւ եւ կ՛ընդունի անոնցմէ ամէն մէկը իր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով:

Խտրականութիւն չի դներ զաւակներուն միջեւ, այլ կ՛ըլլայ միշտ արդար եւ խղճամիտ:

Մոնրէալ

Նախորդը

Վերջին Պատերազմները Եւ Երեխաները

Յաջորդը

Նշանակալից Յայտարարութիւններ Եւ Երկու Նշանակումներ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.