Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՆՉ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ՌՈՒՍ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՇԱՏ ՕԳՏԱԿԱՐ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ «ՌՈՒՍԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿԱՄ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄ ԱՐԴԱՐԱՑՆՈՂ ՈՐԵՒԷ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԴԷՄ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

January 26, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վիքթորիա Նուլընտ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապը, որուն լուծումը, ըստ երկու կողմերուն, շատ դժուար է:

Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը տագնապի լուծման համար «շինիչ» առաջարկներու նկատմամբ դրականօրէն տրամադրուած է, սակայն «Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու կամ ուժի կիրարկում արդարացնող որեւէ որոշումի դէմ է»: «Պիտի չզօրակցինք առաջարկներու, որոնց հիմամբ Սուրիոյ դէմ միակողմանի պատժամիջոցներ հաստատուեցան, պատժամիջոցներ, որոնք հաստատուեցան առանց Ռուսիոյ, Չինաստանի կամ ՊՐԻՔՍ-ի (Պրազիլ, Հնդկաստան, Հարաւային Ափրիկէ) անդամ երկրի մը հետ խորհրդակցութեան»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ռուսիա եւ Թուրքիա սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն բռնարարքները դադրեցնելու» եւ կը վստահեցնեն, որ «արտաքին զինուորական միջամտութիւնը մերժելի է»:

Ան ըսաւ, որ Մոսկուա նաեւ պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Սուրիոյ հարցով իր ներկայացուցած բանաձեւին բարեփոխման առաջարկները քննարկելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով օգնական Ճեֆրի Ֆելթման Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանովի հետ այս շաբթուան ընթացքին «շատ օգտակար խորհրդակցութիւններ» ունեցած է:

Ան նշեց, որ խորհրդակցութիւններուն նպատակը Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ միջազգային հակազդեցութեան գծով տարակարծութիւնները փարատելն էր, սակայն աւելցուց, որ «չեմ ըսեր, որ մեծ բեկումի մը հասանք»:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս իր կարգին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց Սուրիոյ շուրջ ուժեղ որոշում մը հրապարակելու:

Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը կ՛անտեսէ Արաբական լիկային առջեւ իր ստանձնած յանձնառութիւնները, որոնց շարքին` բոլոր բռնարարքները դադրեցնելն ու քաղաքայինները պաշտպանելը:

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ ՄաքՔֆոլ ռուսական «ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն միասնաբար կ՛աշխատին ճնշում բանեցնելու Դամասկոսի վրայ, որպէսզի գործադրէ Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը»:

Ան ըսաւ, որ երկու երկիրները Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցման ու դէպի ժողովրդավարութիւն խաղաղ փոխանցման կարեւորութիւնը կը շեշտեն: «Երկու կողմերը համաձայնեցան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Սուրիոյ շուրջ իրենց ջանքերը համակարգել», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա քոնկրեսին առջեւ իր տարեկան ճառին ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին յայտնեց, որ «ես կասկած չունիմ, որ Ասատի վարչակարգը մօտ օրէն պիտի անդրադառնայ, որ չի կրնար փոփոխութեան ուժին դիմադրել, ոչ ալ մարդոց արժանապատուութիւնը ճզմել»: Ան դարձեալ զգուշացուց, որ սուրիական վարչակազմի օրերը Մոամմար Քազզաֆիի ղեկավարութեամբ լիպիական վարչակարգին օրերուն նման հաշուըուած են:

Միւս կողմէ, Սուրիա երէկ Իրաքի հետ սահմանին վրայ քրտական Փեշմերկայի անդամներ ձերբակալեց:

Նախորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹԵՐԱՑՈՒՄ ՄԸ, ՈՐ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԻ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ

Յաջորդը

ԵԳԻՊՏՈՍ ՆՇԵՑ ՄՈՒՊԱՐԱՔԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ՏԱՊԱԼԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.