Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանը ներկայացնող երեք դահուկորդներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի դահուկարշաւի բաժակի մրցաշարքին:
Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն (29-31 յունուար), որոնք տեղի պիտի ունենան Ֆալուն քաղաքին մէջ (Շուէտ), Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միքայէլ Միքայէլեան, Թադէոս Պօղոսեան եւ Քաթիա Գալստեան:
Նշուեցաւ, որ եթէ «Քորոնա» ժահրին պատճառով սահմանափակումներ չկատարուին, Հայաստանի 4 ներկայացուցիչ յառաջիկայ փետրուարին Գերմանիոյ մէջ պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան: