Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, մասնակցողներու եւ արդիւնքներու տեսանկիւնէն անակնկալ արդիւնքներ չարձանագրուեցան:
Աղջկանց ազատ դասական ոճերուն մէջ, Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Քաթիա Գալստեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Անկելինա Մուրատեան եւ Նելլի Խաչատրեան:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, երկրին բացարձակ ախոյեանը, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս հանդիսացաւ Միքայէլ Միքայէլեան, որ լաւագոյնն էր թէ՛ ազատ եւ թէ՛ դասական ոճի մրցումներուն: Արծաթէ մետալակիր դարձաւ Թադէոս Պօղոսեան, իսկ պրոնզէ մետալակիր` Սպարտակ Ոսկանեան:
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան ախոյեանութեան մասին խօսելով նշեց, որ ընդհանուր առմամբ արդիւնքները կարելի է նկատել բաւարար:
Նշենք, որ ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 12-14 փետրուարին: