Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն պատրաստուող Արարատ, իր հաւաքին ընթացքին պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում:
16 յունուարին Արարատ Ձորաղբիւրի մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Շիրակ Գիւմրին, իսկ 23 յունուարին հիւրը պիտի ըլլայ Ուրարտուին:
Նշենք, որ Արարատ, Ալաշկերտ եւ Արարատ-Արմենիա, որոնք ցարդ ապահոված են 18-ական կէտ, կը հանդիսանան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յառաջատարները: