ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
«Այս տարի Նոր Տարուան մաղթանք չունիմ», ըսի բարեկամներու, որոնք իրենց բարի կամքին արտայայտութիւնը ունեցան եւ բոլորիս ծանօթ ամէնամեայ բանաձեւումներով դիմեցին եւ Նոր Տարին «շնորհաւորեցին»։ Առաւելագոյնս ըսի․ «Շնորհակալ եմ, նմանապէս»։
«Շնորհք»ին եւ «շնորհաւոր»ութեան պէտքը ունինք սակայն բոլորս ալ միշտ, մանաւանդ երբ կը տեսնենք անցած տարին, որ մեր կայքէջին՝ ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGին համար եղաւ բաւական հարստացուցիչ, այն իմաստով, որ մենք կրցանք առաւել յստակութեամբ տեսնել, թէ մեր սկսած աշխատանքը ո՞ւր կը գտնուի, ո՞ւր կ’երթայ, ի՞նչ արդիւնք կու տայ, ինչի՞ կը բախի, ո՞ւր կը ձախողի։ Հաշուեյարդարը, գոնէ մասամբ, blogին տարեդարձին տեղի կ’ունենայ։ Ասիկա հիմա այդ պահը չէ։
Հիմա պահն է շնորհաւորելու․ շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, – գործակից, աջակից, ընթերցող, գրող՝ բանաստեղծ եւ արձակագիր, յուշագրող, թարգմանող, քաջալերող, պրպտող, յուշող, քննադատող, հարուածող, հալածող, ուրախացող ու նեղացող, մինչեւ «զթշնամիս եւ զատելիս», – որոնք կարելի դարձուցին ու կը դարձնեն մեր այս հաւաքական աշխատանքը։
Բոլոր անոնք, որոնք կը պատկանին վերը յիշուած խումբերուն, քիչ թէ շատ կը գիտակցին, թէ որքան ճիգ ու ջանք, վաստակ ու յոգնութիւն, ցաւ ու տառապանք կան երբեմն տեղադրուած գրութիւններէն առաջ, վերջ ու անոնց հորիզոնին։ Անոնք միայն գիտեն, որ այս տողերը ինքնագովասանական բնոյթ չունին։ Անոնք գիտեն համը մեր հետապնդումներուն ու հաւատքին, ու մանաւանդ՝ մեր ու իրենց աշխատանքին արդիւնքին։
Արեւմտահայերէն գրելու ճիգը, տարբեր տարիքի մասնակիցներու աշխատակցութեամբ, փորձարկումներու դաշտի մը վերածած է մեր էջը, ուր գրեթէ ամէն մակարդակ ու ճաշակ, ամէն համարձակութիւն ու ըմբոստութիւն, ամէն մօտեցում ու փորձ լրջօրէն կ’ընդունուին։ «Կ’ընդունուին» չի նշանակեր «կը հրապարակուին» անպայման, բայց ընդունելութիւն կը գտնեն գաւիթի մը մէջ, ուր ներկայութիւն ըլլալը անհրաժեշտ է, տաճար մտնելու համար։ Բայց գիտէք, որ գաւիթներ կան, որ երբեմն տաճարէն աւելի լեցուն են ու դարձած են տաճարին էական մէկ մասը։ Կեդրոնի տեղափոխումն ու վերափոխումը կը կատարուին երբեմն կեցավայրը պատրաստելու արարքին իսկ մէջ։
Դաշտը, որ մենք բացած ենք, տրամադրած, միայն «բաց հրաւէր» չէ, ինչպէս կ’ըսէի վերջերս Մ․ Նահանգներէն բարեկամի մը, զրոյցի մը ընթացքին, ինչ որ, օրինակ, գիրքերու հաւաքածոյ հանդիսացող գրադարան մըն է, զոր կը հիմնես, այս օրերուն՝ համացանցի վրայ, ուր մարդիկ կրնան գտնել իրենց ուզած գիրքը․ մեր պարագային, գիրքերն են, որ կը վազեն մարդոց ետեւէն ու կը գտնեն իրենց հասցէատէրը։
Մեր էջին նպատակներէն մէկն ալ ինքնադաստիարակութեան զարգացումն է, կը գրէի ուրիշ բարեկամի մը, Գահիրէ, յիշեցնելով, որ մեր՝ խմբագրութեան կատարած հպումներուն վրայ իր կատարելիք սերտողութիւնն ու անոր հետեւող ինքնասրբագրութիւնը մաս կը կազմեն մեր աշխատանքին էութեան։
Փոխանակուող աշխատանքի վրայ հիմնուած է մեր էջը։ Եթէ վարչական աշխատակազմը կրցած է մեր կարգ մը աշխատակիցներու գրութեանց հայերէնը շնորհքի սահմաններուն բերել, որքան փորձառութիւն ձեռք ձգած ենք մե՛նք անոնց գրածին ու յաճախ յուշագրածին բերած աշխարհահայեացքէն։
Գրելը ի վերջոյ կեանքին փորձարկումը չէ՞ նաեւ։
Ամէն անգամ, որ զրոյցի ու քննարկումի ժամանակ, էջը կառավարող անձս խնդրոյ առարկայ եղած է, փորձած եմ բացատրել, որ «փոխանակուող աշխատանք» կոչուածը էջը կառավարող ու անոր աշխատակցող անձերէն վեր կը գտնուի։ Այդ վէմի՛ն, հաւատքի՛ն վրայ պիտի շինեմ եկեղեցիս, կը բացատրէր Արտաւազդ Սրբազան մեզի Յիսուսի խօսքը դասարանին մէջ, Մատթէոսի Աւետարանին համապատասխան հատուածին իր մեկնութիւնը տալով, Պետրոսին ոչ թէ անձին, այլ Քրիստոսը խոստովանող հաւատքի՛ն վրայ դնելով շեշտը, այլապէս եկեղեցին ինչպէ՞ս կարելի է անձի վրայ կառուցել, հարց կու տար Սրբազանը, յիշեցնելով նաեւ թէ Պետրոս անունն իսկ՝ յունարէն «ժայռ» եւ արամերէն «քար» (կեփաս) իմաստներով արդէն ինքնին բացատրութիւն էր։ Ուրեմն՝ Պետրոս-ժայռին, ոչ թէ Պետրոս-անձին ու անունին ապաւինելով կը շարժինք մենք եւս։
Անձնապաշտութեան մեր այս օրերուն, երբ յաճախ ոչ թէ գրութիւններն ու անոնց բովանդակութիւնը կը կարդացուին, այլ հեղինակներուն լոկ անունները, հին թէ նոր, անցեալ թէ ներկայ անուններ առանց իսկ կարդացուելու պաշտամունքի առարկայ կը դառնան երբեմն, – մենք համոզուած ենք, որ շինողներուն կողմէ «անարգուած վէմ»երը կրնան անկիւնաքար ըլլալ, երբ ժամանակը գայ, երբ անոնց ժամանակը բերուի։
Եւ քանի որ լեզուն ազգութիւն չի ճանչնար, մեր էջին վրայ տեղ ունին նաեւ ոչ-հայ հայագիրներ, որոնք երբեմն նոյնիսկ աւելի հետեւողական են քան հայագիրները։ Եւ քանի որ հայերէնը, արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, մեր հաւաքական կեանքին մէջ կեդրոնական դեր եւ տեղ չունի, չենք տուած անոր որեւէ կայք, ո՞ւր մնաց՝ զարգացման համար ուշադրութիւն, շատ աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ մեր էջին գոյութեան իմաստը։
Արդարեւ, կարելի է հարց տալ, թէ դպրոցի ու մամուլի անցքերէն ետք ու զատ ո՞ւր կը դիմէ արեւմտահայերէնը, ո՞ւր տեղի կ’ունենան անոր բազմատեսակ մարզանքներն ու աճը․ լեզուական ակումբներ գոյութիւն ունի՞ն․ աշխատանոցային, համացանցային հանդիպումներ տեղի կ’ունենա՞ն, – ոչ թէ ժամանց ու զբաղում, ուր սորվելու եւ սորվեցնելու յարատեւ ճիգ չկայ, – որպէսզի կիրարկման ու բախման արդիւնք հանդիսացող լեզուն կրթողական յառաջացում արձանագրէ՝ քաղաքա-գիւղա-փողոցակրթանք դառնայ։
Հոսկէ նաեւ՝ մեր կարգ մը հեղինակներուն գործածած լեզուական ու գաղափարական ազատութիւնը, որ կարգ մը չընթերցող նախապաշարեալներու աչքին կրնայ փուշ ըլլալ։ Մեզի կը մնայ նման տիպարներուն թելադրել, որ կարդան հայ գրականութիւն, սերտեն Խորենացիէ մինչեւ Լաստիվերտցի եւ շատ աւելի մօտ՝ Նարդունիէ մինչեւ Օշականներ, առանց ամչնալու անոնց գործածած բառերէն, արտայայտած միտքերէն, ի վերջոյ ըմբռնել փորձելու համար, որ հայութեան կեանքին մէջ կան, եղա՛ծ են, բաւական սուր անկիւններ, իրենց երեւակայել կրցածէն շատ աւելի սուր, արժանի գրոց յիշատակի, եւ արժանացա՛ծ են գիրի, փառք Աստուծոյ, եւ այդ գիրերը յանցաւոր չեն, եթէ այսօր չընթերցող գրողներու տեսադաշտէն հեռու կը մնան։
Գիտեմ, որ շատ դժուար է քայլ պահել համացանցային էջի մը հետ, որ ամէն օր նոր տեղադրումներ կը կատարէ։ Նոր տեղադրում ըսուածը այստեղ «հաւաքողական աշխատանք» չի նշանակեր, ինչպէս գիտեն մեզի հետեւողները։ Մեր էջին լոյս տեսած նիւթերը կը գտնուին միայն մեր էջին վրայ։ Վերջերս Մ․ Նահանգներէն ընթերցող այլ բարեկամի մը ուշադրութեան կը յանձնէի, օրինակ, որ մենք ԲԱՐԲԱՌ բաժին մը (https://hayerenblog.wordpress.com/category/%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%a2%d5%a1%d5%bc/) ունինք, ուր տասէ աւելի տարբեր բարբառներով հարիւրէ աւելի նիւթեր հրատարակած ենք արդէն, երբ ի զարմանս ինձ ան ըսաւ, թէ ընդհանրապէս տեղեկութիւն չունէր այդ բաժնին մասին։ Պոլսահայ ուրիշ ընթերցող մը, յառաջացեալ տարիքի, ինքն իրեն հարց կու տար, թէ այս գրութիւնները, որ կը տեղադրուին օր առ օր, սահելով, դառնալով կը կորսուին՝ ո՞ւր կ’երթան․․․։ Այո, արդարացի հարցում մըն է․ գիրքը ձեռքդ կը բռնես եւ էջաթիւերը գիտես, սակայն համացանցը․․․ կը ծաւալի, թէեւ աս ալ կրնայ էջեր ունենալ, երբ մեր նիւթերը հաւաքուին ու թուայնացած հատորներու վերածուին, ինչ որ պարագան է մեր ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐին (https://hayerenblog.wordpress.com/category/%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%a5%d6%80%d5%a7%d5%b6-%d5%b4%d5%a1%d5%bf%d5%a5%d5%b6%d5%a1%d5%b7%d5%a1%d6%80/)։ Ամէն պարագայի, հետաքրքրուողը կրնայ ոեւէ հեղինակի անուն կամ գրութեան խորագիր ԳԼԽԱԳԻՐ տառերով արձանագրել ՓՆՏՌՏՈՒՔ (Search…) տարածքին ու կը հասնի իր նպատակին։
Մեծ հօրս յուղարկաւորութեան առթիւ (1997) արտասանած իր դամբանականին մէջ Զարեհ Սրբազան ըսած էր․ «Զինք կը կոչեմ Հերոս ազգի եւ եկեղեցիի։ Հերոսը միայն ռազմադաշտին վրայ նահատակուողը չէ, այլ նաեւ՝ ամէն օր իր կեանքը ազգին ու եկեղեցիին նուիրաբերողը»։ Պիտի ապրի՛ն մեր բոլոր հերոսները, Արցախի ու Արցախէն ասդին, եւ դուք բոլորդ, չափազանցութիւն թող թուի, սիրելի՛ աշխատակիցներ եւ ընթերցողներ, որ ամէն օր, շաբաթը անգամ մը, երկու շաբաթը անգամ մը, ամիսը անգամ մը, երկու ամիսը անգամ մը, քանի մը ամիսը անգամ մը ու տարին անգամ մը ձեր լուման կը նետէք մեր էջին ձեր խօսքով, միտքով ու գործով։ Հայերէն կարդացողը, հայերէն գրողը, հայերէնին կեանքին համար աշխատողը հերոս է։
Ինչպէ՞ս կարելի է ասքան անձնական-հաւաքական նիւթի մը մասին գրել ու միայն հարեւանցի անդրադառնալ պատերազմով եկած ու մեզ ցնցած օրհասական ու մահաստուեր ժամանակին։ Մեր էջին այցելուները տեղեակ են, սակայն, որ բնականաբար միայն գրելն ինքնին չէ որ կը քաջալերուի, այլ ժամանակին մէջ գրելը, ժամանակագրելը, որուն մաս կը կազմէ մեր անհատական ու հաւաքական առօրեան եւս։
Շնորհակալ եմ։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: