Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս արժանացաւ «ՖԱՖ համակրանք» մրցանակին, այս մասին յայտնեց ՖԱՖ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականի համակիրներու ՖԱՖ շարժումը այս մրցանակին տուչութիւնը կը կատարէ յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով:
Ընտրութիւնը ՖԱՖ շարժումին անդամներուն կողմէ կը կատարուի նկատի ունենալով կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնց կարգին` հաւաքականին նկատմամբ նուիրում, համակիրներուն հանդէպ յարգանք եւ այլն:
Նշենք, որ այս մրցանակը առաջին անգամ ըլլալով կը տրուի մարզիչի մը:
Ինչպէս ծանօթ է, սպանացի ֆութպոլի մասնագէտը նախորդ դեկտեմբերին ճանչցուեցաւ նաեւ Հայաստանի 2020 տարուան լաւագոյն մարզիչը: