Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 7 փետրուարին մեկնարկը պիտի տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին:
Յայտարարուեցաւ, որ բոլոր ակումբներուն պայմանաժամ տրուեցաւ առաւելագոյնը մինչեւ 3 փետրուար ֆետերասիոնին ներկայացնելու իրենց խումբերուն մարզիկներուն անուանացանկը: