Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնին, Հուփս Հազմիէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2020 տարուան ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 126 երկսեռ մարզիկներ:
Այդ 126 մարզիկները մաս կը կազմէին հետեւեալ ութ ակումբներուն. Մոն Լա Սալ, Հուփս Պէյրութ, Հուփս Անթիլիաս, Սքուատրա, Ժամհուր, Քասիր, Շըմրան եւ Թահրիր:
Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու տարիքային մրցումներ, ինչպէս նաեւ մեծերու մրցումներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ Ժասեմ Քանսոյի եւ այլ անդամներու: