Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածածայտնութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Մե՛զի Համար Ծնաւ, Որպէսզի Մենք Իր Ծնունդով Վերածնինք»

January 9, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս յիշեցումը դարձաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Սուրբ Ծննդեան պատգամին առանցքը, զոր ան յղեց 6 յունուար 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին: Խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան մասին` վեհափառը ըսաւ, որ` «Աստուծմէ հեռացած, իր աստուածային պատկերը եղծած, մեղքի ու ապականութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդուն վերածնունդը հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած էր: Աստուած մարդը ստեղծած էր որպէս Իր գործակիցը, Իր թագաւորութեան հաստատման մասնակից դառնալու համար: Մարդուն տուած էր բանականութիւն ու ազատութիւն: Սակայն մարդը շահագործած էր իր աստուածատուր շնորհները ու դարձած գերին` մեղքին ու մահուան. այլ խօսքով` իր անձին: Բեթղեհէմի մսուրին մէջ մարդեղացող Աստուծոյ Որդին աշխարհ կու գար իբրեւ Փրկիչը մարդուն»:

Ապա վեհափառը յիշեցուց, որ Աստուծոյ հրեշտակը աւետելով Քրիստոսի ծնունդը հովիւներուն` ըսաւ. «Ձեր Փրկիչը ծնաւ»: Մեկնելով այս իրողութենէն` կաթողիկոսը ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին աշխարհ կու գար որպէս Փրկիչ մարդուն, վերստին ծնունդ պարգեւելու մարդուն»: Շարունակելով իր խօսքը` ան յայտնեց. «Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին ուսուցանեց, հրաշագործեց` մարդուն վերստին ծնունդ տալու յանձնառութեամբ: Ան ո՛չ միայն ըսաւ` ե՛ս եմ կեանքը, այլ դարձաւ աղբիւրը ու ճանապարհը նոր կեանքին, նոր մարդուն: Ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ, առաջին Ադամով մահ եկաւ աշխարհին, երկրորդ Ադամով` Քրիստոսով, նոր կեանք»:

Ակնարկելով Քրիստոսի խորհրդական մարմինը եղող եկեղեցւոյ առաքելութեան` Արամ Ա. ըսաւ. «Մարդուն վերստին ծնունդ տալու առաքելութիւնը կը շարունակէ մնալ կիզակէտը եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան: Քրիստոսի ծննդեան տօնակատարութիւնը այսօր յիշեցում մըն է ու միաժամանակ` հրաւէր մը, որ Քրիստոս մեզի՛ համար ծնաւ, որպէսզի մենք Իր ծնունդով վերածնինք: Քրիստոս Ինքն է մեր միակ Փրկիչը: Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ այս ճշմարտութեան մասին: Պատմութեան պարտադրած փորձութիւններուն, հալածանքներուն ու աքսորներուն դիմաց մենք միշտ դարձանք Քրիստոսին` որպէս մեր Փրկիչին: Մերժեցինք այլ փրկիչ. չհետեւեցանք այլ փրկիչներու «փրկարար» խոստումներուն: Այսօր եւս մեր պատմութեան դառն փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոս Ի՛նք կը մնայ մեր միակ Փրկիչը եւ Բեթղեհէմէն բացուած ճամբան է դէպի վերստին ծնունդ առաջնորդող ճամբան: Ո՛չ մեր փառքն ու պատիւը, ո՛չ մեր ունեցած նիւթական, մտաւորական կամ քաղաքական առաւելութիւնները, այլ Քրիստոսի նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքն ու յոյսը մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի Բեթղեհէմ` մարդու վերստին ծննդեան աղբիւրը»:

Կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը եզրափակեց հետեւեալ կոչով. «Տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ դարձեալ կը ծնի Քրիստոս, եթէ մենք պատրաստ ենք ընդունելու զՔրիստոս: Դարձեալ հրեշտակները երկինքէն կ՛աւետեն մեր Փրկիչին ծնունդը, եթէ մենք պատրաստ ենք լսելու աւետիսը հրեշտակներուն: Դարձեալ Բեթղեհէմի խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ դառնալու իրեն, եթէ մենք պատրաստ ենք քալելու դէպի Բեթղեհէմ: Պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ մեր ժողովուրդը միշտ լսեց պատգամը Բեթղեհէմին ու քալեց դէպի Բեթղեհէմ` անոր խորհուրդն ու պատգամը ապրելով իր կեանքին մէջ: Մեր կեանքի այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ եւ մեր պատմութեան այս ճակատագրական պահուն, դարձեալ դառնանք Բեթղեհէմին, եւ իբրեւ Քրիստոսի ծնունդով վերածնած ժողովուրդ` վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով քալենք դէպի պայծառ ապագայ»:

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին ստեղծած դժուար պայմանները` սուրբ պատարագը մատուցուեցաւ մայրավանքի շրջափակին մէջ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին առջեւ, բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեան:

 

 

 

Նախորդը

Ներկայ Եւ Նախկին Վարչապետներ Կը Ցաւակցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Յաջորդը

Մահացաւ Ազգային, Հասարակական Եւ Կուսակցական Գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեան

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.