ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Քարան Ժամկոչեան
Օրիորդ Ռիթա Ժամկոչեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Սիլվա Ճուլեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Հիլտա Յովսէփեան եւ զաւակները` Մայքըլ եւ Քարլ
Տէր եւ տիկին Վահան Չաթըքաշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Չաթըքաշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Այտա Արսլանեան եւ դուստրը` Դալար
Տէր եւ տիկին Սիմոն Արսլանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր Արսլանեան եւ զաւակունք
Ժամկոչեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Ճուլեան, Յովսէփեան եւ Չաթըքաշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» համավարակին պայմանները` ցաւակցութեան համար հեռաձայնել հետեւեալ անձերուն. Քարան` 03/182970, Ռիթա` 71/545022, Հիլտա` 03/838169:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Յասմիկ Ազնաւուրեան եւ զաւակը` Տոմենիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Հերմինէ Ազնաւուրեան եւ զաւակները` Լեւոն եւ Վան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մայքըլ եւ Թալին Ազնաւուրեան եւ զաւակը` Սեպասթիան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Քարոլ Ազնաւուրեան եւ զաւակը` Սէրուժ
Տէր եւ տիկին Համբարձում եւ Անի Յովսէփեան եւ զաւակները` Սերժ եւ Սեւան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Համազասպ եւ Անուշ Ազնաւուրեան եւ զաւակները` Քրիստափոր եւ Սեւակ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Բեկի Յակոբեան եւ զաւակը` Գօգօ
Տէր եւ տիկին Վրէժ եւ Անի Գնտոյեան եւ զաւակը (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Լուսին Քոճապապեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Սինթիա Քոճապապեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Քելի Քոճապապեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Մարի Մարտիրոսեան եւ զաւակունք
Տիկին Երանուհի Ազնաւուրեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիկին Վիոլեթ Ազնաւուրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Ազնաւուրեան եւ Քոճապապեան ընտանիքներ
Էտինճիքլեան եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Յովսէփեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Յակոբեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Կէօվրեքեան եւ Մահֆուտ ընտանիքներ
Գնտոյեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԳԵՂԵՑԻԿ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔՈՃԱՊԱՊԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին, Կլենտէյլի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութեան թուականը հետագային պիտի յայտարարուի մամուլով:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութեան համար հեռաձայնել` Տիրան Ազնաւուրեանին` 03-261661 թիւին:
—————————————
ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ամանորի Ս. պատարագ
Ուրբաթ, 1 յունուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի արարողութիւն
Երեքշաբթի, 5 յունուար 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին:
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Ս. պատարագ
Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին:
Մեռելոցի Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն
– Թեմի եկեղեցիներուն մէջ` առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
– Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ` առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ