Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 25, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի, որովհետեւ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զայն պահպանելու համար: Ան շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին աւարտը մօտալուտ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս ընդունեց իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսիի գրասենեակին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր նշեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ իր պատասխանատուութիւններէն կը խուսափի եւ կը փորձէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը ներքին առումով ֆինանսաւորել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի ստանձնած է 2012-ի պետական պիւտճէն վերջնականացնելու պարտականութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի շրջանները ապահով չեն` նկատի ունենալով Սուրիոյ սահմանակից շրջանի իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը նախատեսուած է յառաջիկայ 14 մարտին:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ 10 փետրուարին պիտի այցելէ Ֆրանսա` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հրաւէրին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ ամիսներէ ի վեր Սուրիան հարուածող ծրագիրը կը սպառնայ ամբողջ արաբական շրջանին:

ԷԼԻ Հոպէյքայի մահուան Ժ. տարելիցին առիթով մատուցուած պատարագէն ետք, Ուաատ կուսակցութեան նախագահ Ճօ Հոպէյքա կոչ ուղղեց մշակելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական արդի օրէնք մը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը որոշեց մազութի սակին վրայ պարտադրուած յաւելուած արժէքի տուրքը ջնջել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Խալետ Զահրաման կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան հսկելու հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն` յայտնելով, որ կարգ մը երեսփոխաններ սահմաններուն հսկող միջազգային ուժեր կը պահանջեն անձնական նկատառումներով: Զահրաման շեշտեց, որ լիբանանեան սահմաններուն հսկելու համար միջազգային ուժերու պահանջը Մուսթաքպալ հոսանքի պաշտօնական տեսակէտը չի ներկայացներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ Հըզպալլան տարբեր ամբաստանութիւններու եւ յանցանքներու թիրախ դարձնելը պիտի շարունակուի մինչեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

«ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՈՒՂՂՈՒԻԼԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Է» ԸՍԱՒ ՄՈԱԼԼԵՄ

Յաջորդը

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԼՈՔԸ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ԴԷՄ ԻՐ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.