Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, անդրադառնալով լրատուամիջոցներով տարածուող այն լուրերուն, թէ Հատրութի մէջ հայ եւ ազրպէյճանական զինուորականներու միջեւ բախումներ վերսկսած են, տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը հերքէ տարածուող լուրերը:
Հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ.
«Ազրպէյճանական մի շարք լրատուամիջոցներ յայտնում են Հատրութի Տող գիւղի մօտակայքում հայ եւ ազրպէյճանցի զինուորականների միջեւ վերսկսուած մարտերի մասին: Հաղորդւում է նաեւ երկու կողմի զոհերի եւ վիրաւորների մասին:
Յիշեցնենք, որ Տող գիւղը գտնւում է ազրպէյճանական զինուած ուժերի ամբողջական վերահսկողութեան ներքոյ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը խստօրէն պահպանում է հրադադարի դրութիւնը, որեւէ ստորաբաժանում տուեալ հատուածում որեւէ գործողութեան չի մասնակցել, աւելին` Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումների հետ կապուած որեւէ արտակարգ միջադէպ չի գրանցուել:
Այդուհանդերձ, հայկական կողմը փորձում է յաւելեալ տեղեկութիւններ պարզել, չբացառելով հաւանականութիւնը, որ գործ ունենք ազրպէյճանական տեղեկատուական սադրանքի հետ»: