Սպանիոյ Թորեմոլինոս Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Սպանիոյ Թորեմոլինոս քաղաքը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմատետրեան պաշտօնական էջը:
«Սպանիոյ Թորեմոլինոս քաղաքը (Անտալուսիա) ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քաղաքային խորհուրդի անդամ Նիքոլաս տէ Միկելի ներկայացուցած միջնորդագիրին թեր քուէարկած են նաեւ Սպանիոյ իշխող` Ընկերվարական կուսակցութեան անդամները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Share This Article