Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդփոյթ Ետ Շպրտե՛Լ Թշնամիին Ներխուժումը Մեր Հայրենի Բնակավայրերէն…

Դեկտեմբեր 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հակառակ նախագահ Փութինի հրապարակային հաւաստիացումներուն եւ հակառակ վարչապետ Փաշինեանի կրկնակի պնդումներուն, որ կացութիւնը ՀՀ զինեալ ուժերու եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հակակշռին տակ կը գտնուի, ճակատէն հասնող լուրերը բոլորովին այլ բան կ՛ըսեն եւ կը հաստատեն: Անոնք ցոյց կու տան, որ թշնամին կը գործէ համարձակ ու անպատիժ եւ անխնայ, առանց նուազագոյն չափով փոխած ըլլալու իր յարձակապաշտ (aggressive) վարքագիծը: Թող ոչ ոք այլեւս փորձէ իր ապաշնորհ քարոզով աղաւաղել այս մերկ իրականութիւնը:

Թշնամին կ՛արհամարհէ կնքուած զինադադարը: Թշնամին յառաջխաղացքի մէջ է, երբ մեր ուժերը, լաւագոյն պարագային, կանգնած են անգործ: Կանգնած են` առանց յստակ յանձնարարութեան: Առանց առաքելութեան: Առանց բովանդակութեան: Թշնամին նոր գերիներ կը վերցնէ, երբ մենք զբաղած ենք ռազմագերիներու եւ մեռեալներու փոխանակման գործընթացներով: Թշնամին վերջնագրեր կը յղէ մեր բնակավայրերուն, մինչդեռ մեր ուժերը հրահանգ ունին իրենց դիրքերը յանձնելու թշնամիին: Եւ մինչ մենք հլու բծախնդրութեամբ կը ջանանք մրցանիշ կոտրել նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի համաձայնագրին ենթադրեալ պայմանները կիրարկելու, թշնամին բացէ ի բաց կ՛արհամարհէ բոլոր համաձայնագրերը եւ թքա՜ծ ունի թէ՛ Փաշինեանի անկեանք դիտարկումներուն եւ թէ՛ Փութինի «հարցազրուցային» ազդարարութիւններուն վրայ…Ան կը քալէ դէպի Կապան եւ կը պահանջէ մեր նժդէհեան ազատամարտի ամրոցը պահող բոլոր ռազմավարական բարձունքները…եւ մենք  (ի՜նչ հեգնանք եւ ի՜նչ ստորնութիւն) պատրա՜ստ ենք զանոնք յանձնելու` առանց դոյզն առարկութեան եւ առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու…Ո՞ւր կ՛երթանք, պարոնա՛յք: Ո՞ւր կը կարծէք, թէ կը տանիք հայոց հայրենիքն ու հայոց ազգը: Դուք որո՞ւ ոսկին որո՞ւ կը յանձնէք, Ձէնո՛վ Օհաններ: Ո՞րն է յաջորդ զոհը ձեր բախտախնդրութեան: Գորի՞սը, Քաջարանն ու Մեղրի՞ն, թէ՞ Եղէգնաձորն ու Սեւանը:

Մեր ժողովուրդը այլեւս իրաւունք չունի երկիր վստահելու պարտուած այս իշխանութեան: Բոլոր փաստերը կը վկայեն, որ այս իշխանութիւնը այլեւս դադրած է խօսելէ մեր պետութեան ինքնիշխանութեան դիրքերէն: Հակառակ Ազգային ժողովէն ներս յամեցող մեծամասնական ճակատի առկայութեան` ան վաղուց կորսնցուցած է ՀՀ հանրութեան, այլ մանաւանդ` մեր պատմութեան եւ մեր արժէքային համակարգի, բարոյական լիազօրութիւնը եւ, հետեւաբար, պէտք է մեկնի անյապաղ:

Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ այսօր արդէն նժարի վրայ է մեր անկախ պետականութեան եւ մեր ազգի լինելիութեան դատը: Մենք պէտք է գիտնանք ՈՉ ըսել մեզի պարտադրուող այս նահանջականութեան, զայն հնարող ներքին եւ արտաքին ուժերուն եւ «բոլոր չար կոտորակաց նոցա»…Մենք պէտք է կասեցնենք այս գահավէժ անկումը (free fall): Պէտք է կասեցնենք` մեր զաւակներու եւ մեր թոռներու սիրոյն: Պէտք է կասեցնենք` երկրի եւ արտերկրի բոլոր մեր ուժականութիւնները հաւաքագրելով եւ միանգամընդմիշտ ետ շրջելով այս ծուռ դարձած անիւը: Ասկէ անդին մեր մարդու տեսակն է, որ հաւաքաբար կանչուած է ինքզինք փաստելու: Մենք ԱՅՍՕՐ պիտի որոշենք, թէ ի՛նչ մետաղէ շինուած ենք մենք: Ի՞նչ մետաղէ շինուած է հայը: Պատասխանատուութիւնը մերն է, միայն մե՛րը, եւ զայն այլեւս կարելի չէ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Մենք պիտի գիտնանք հայր ըլլալ եւ մայր ըլլալ մեր ապագային: Ասիկա հայրերու եւ մայրերու պարտաւորիչ գրաւն է: The buck stops here!

18 դեկտեմբեր 2020

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Համազգայինի Նախաձեռնութեամբ Նշուեցաւ Ռազմիկ Դաւոյեանի 80-Ամեակը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?