Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ողջունելի եւ գնահատելի նախաձեռնութեամբ մը 18 ապրիլէն 30 յունիս 2020 կատարած է հարցախոյզ մը` պարզաբանելու, որ լիբանանահայ ուսանողութիւնը ի՞նչ կը մտածէ արտագաղթի մասին, ի՞նչ ուղղութիւններ ի մտի ունի, ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէ եւ այլն:
Թիւերով ու տուեալներով հարուստ այս հարցախոյզը խմբագրութեանս ուղարկուեցաւ օգոստոս 2020¬ին, սակայն թերթի էջաթիւին սահմանափակ ըլլալը, առօրեայ դէպքերուն սրընթաց փոփոխութիւնն ու անոնց արձագանգելու հրատապութիւնը կարելիութիւն չստեղծեցին զայն տպելու: Բայց եւ այնպէս այսօրուան եւ վաղուան «Ազդակ»¬ի թիւերով կը հրատարակենք ԶՈՄ¬ի այս աշխատանքը, որուն նախաձեռնուած թուականէն օրս թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս անկանխատեսելի դէպքեր արձանագրուեցան եւ անոնք հաւանաբար մեծապէս փոխեցին կացութիւններն ու մօտեցումները, բայց եւ այնպէս հարցախոյզը կը պահէ իր խորքայնութիւնն ու արժէքը, իսկ տարուած մեծ աշխատանքին արդիւնքը արժէ բաժնեկցիլ մեր ընթերցողներուն հետ:
«Ա.»
Լիբանանահայ Ուսանողութեան 77,3 Առ Հարիւրը
Կը Մտածէ Լիբանանէն Արտագաղթելու Մասին
2020 տարեշրջանը, միջազգային ակնոցով դիտուած, բաւական լուրջ եւ դժուար խնդիրներով լեցուն տարեշրջան մըն է: Այդ դժուարութիւններէն անմասն չի մնար Լիբանանը, որ արդէն իսկ որոշ շրջանէ մը ի վեր կը տառապէր տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական տարբեր տեսակի հարցերէ: Նշուած խնդիրներէն անկախ, վրայ հասաւ պսակաձեւ ժահրը:
Լիբանանահայութիւնն ալ իր կարգին դէմ յանդիման գտնուեցաւ Լիբանանը հարուածող այս դժուարութիւններուն: Այս բոլորէն մեկնելով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, իր առաքելութեան վրայ հիմնուելով եւ կարեւոր դասելով ուսանողութեան կարծիքը` լիբանանահայ գաղութի ճակատագիրը ուսումնասիրելու աշխատանքին մէջ, մտածեց կազմակերպել հարցախոյզ մը, որուն շնորհիւ առիթը պիտի ունենար հասկնալու լիբանանահայ ուսանողութեան կարծիքը արտագաղթի մասին: Ծանր դժուարութիւններու հետ բնական էր նշմարել արտագաղթի երեւոյթներ, եւ պէտք էր անպայման ուսումնասիրել, թէ հոսքը դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուի, եւ ի՛նչ տուեալներու հիման վրայ կը կատարուին արտագաղթի որոշումները:
Ուսումնասիրութեան համար պատրաստուեցաւ հարցարան մը, որ կը բաղկանար 17 հարցումներէ: Հարցարանը թուայնացուեցաւ եւ տարածուեցաւ առցանց` վիճակագրական նպատակներու եւ տեղեկահաւաքի համար յատուկ օգտագործուող «KoboToolbox» կայքին միջոցով: Հարցարանի մասնակիցներուն տրամադրութեան տակ դրուեցան զոյգ` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով տարբերակներ, որպէսզի անիկա հասանելի դառնայ բոլորին:
Տեղեկահաւաքի համար նախապէս նախատեսուած ժամանակահատուածը բաւարար եղաւ հաւաքելու պէտք եղած մասնակիցներու թիւը: Նախատեսուած ժամանակահատուածը կ՛երկարէր 18 ապրիլ 2020-էն մինչեւ 30 յունիս 2020:
Զաւարեան ուսանողական միութիւնը մօտաւոր արժեւորում մը ընելով այն եզրակացութեան յանգեցաւ, որ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն մէջ լիբանանահայ ուսանողներու մօտաւոր թիւը 900 է:
«Raosoft»-ը կայք մըն է, որ գիտական չափանիշներու եւ ֆորմիւլաներու համաձայն կը հաշուէ, թէ` թիրախ հանդիսացող հաւաքականութենէն քանի՞ անձ պէտք է մասնակցի տուեալ հարցախոյզի մը, որպէսզի կարենանք ունենալ այդ հաւաքականութիւնը ներկայացնող արդիւնք մը:
Այս հարցախոյզի պարագային, ըստ «raosoft» կայքին, նուազագոյն մասնակցողներու թիւը պէտք է ըլլար 270 (թիրախ հանդիսացող հաւաքականութիւն` 900 անձ): 270 մասնակից ունենալու պարագային, «Margin of Error» -ը պիտի ըլլար 5 առ հարիւր: Մեր նախատեսած ժամանակահատուածին մէջ յաջողեցանք ապահովել 357 մասնակիցներ, այդպիսով համեմատութեան թիւը իջաւ 4,03 առ հարիւրի:
Մեկնելով այս տուեալներէն` այս հարցախոյզին մասնակցողները ներկայացուցչական (representativesample) կը նկատուին, եւ կարելի է ըսել, որ կը ներկայացնեն լիբանանահայ ուսանողութեան կարծիքը:
Հարցախոյզին մէջ տեղ գտած հարցումները հաւանական պատասխաններու ձեւի մէջ էին: Սակայն, այն հարցումները, որոնց մէջ կարելի էր ընտրել «Այլ» ընտրանքը, մասնակցողը առիթ կ՛ունենար ընդլայնելու իր պատասխանը:
Արդիւնքներ
1. «Ընտրէ՛ տարիքիդ բաժանումը»
Այս հարցումին պատասխանած են 357 մասնակիցներ: Իբրեւ պատասխան կարելի էր ընտրել «17-21», «22-26» եւ «27-31» «32-35» «36+» տարիքային բաժանումները: Հարցախոյզին աւարտին, մասնակիցներու պատասխաններուն արդիւնքը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
Մասնակցողներէն 233-ը (65,2 առ հարիւր) կը գտնուին 17-էն 21 տարիքային բաժանումին մէջ, 112-ը (31,4 առ հարիւր)` 22-էն 26, 5-ը (1,4 առ հարիւր)` 27-էն 31, 2-ը (0,6 առ հարիւր)` 32-էն 35, իսկ մնացեալ 5-ը (1,4 առ հարիւր)` 36+ տարիքային բաժանումին մէջ: 36 եւ վեր տարիքային բաժանումին պատկանողներուն համար այս հարցումը կ՛ըլլայ հարցարանին վերջին հարցումը` նկատի առած, որ հարցախոյզին թիրախը կը հանդիսանան 17 -էն 35 տարեկան հայ ուսանողութիւնը:
Այս հարցումին պատասխանած են 352 մասնակիցներ: Իբրեւ պատասխան կարելի էր ընտրել «Արական» կամ «Իգական» պատասխանները: Հարցախոյզին աւարտին, մասնակիցներու պատասխաններուն արդիւնքը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
Մասնակցողներուն 192-ն (54,5 առ հարիւր) կը պատկանին իգական սեռին, իսկ 160-ը (45.5 առ հարիւր)` արական:
Այս հարցումին շնորհիւ կարելի եղաւ գիտնալ մասնակցողներուն քաղաքացիական պատկանելիութիւնները: Մասնակցողներուն գլխաւոր մասը կը կրէ միայն լիբանանեան անձնագիրը (67 առ հարիւր), երկրորդ տեղը կը գրաւեն զոյգ` լիբանանեան եւ հայաստանեան անձնագիրներ կրողները (20 առ հարիւր), իսկ երրորդ տեղը կը գրաւեն Սուրիոյ Հանրապետութեան անձնագիրը կրողները (4 առ հարիւր):
Մասնակցողներուն քաղաքացիական պատկանելիութեան մասին տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն ներկայացուած են ստորեւ տեղադրուած տախտակին մէջ.
4. Որեւէ հայկական միութեան կ՛անդամակցի՞ս
Այս հարցումին պատասխանած են 352 մասնակիցներ: Իբրեւ պատասխան կարելի էր ընտրել «Կ՛անդամակցիմ», «Անդամակցած եմ» կամ «Չեմ անդամակցիր» պատասխանները: Հարցախոյզին աւարտին, մասնակիցներու պատասխաններուն արդիւնքը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
Մասնակցողներուն 219-ն (62,2 առ հարիւր) հայկական միութիւններու անդամներ են, 80-ը (22,7 առ հարիւր) որեւէ հայկական միութեան անդամ չեն, իսկ 53-ը (15,1 առ հարիւր) նախօրօք անդամակցած են հայկական միութիւններու, սակայն այս օրուան դրութեամբ անոնք որեւէ միութեան անդամ չեն:
5. Մասնագիտական ո՞ր աստիճանի ուսանող ես
Ինչ կը վերաբերի մասնակցողներուն մասնագիտական աստիճաններուն, ըստ հարցախոյզին արդիւնքներուն, մասնակցողներէն 277-ը (78,7 առ հարիւր) պսակաւոր գիտութեանց կամ պսակաւոր արուեստից ուսանողներ են, 35-ը (9,9 առ հարիւր)` մագիստրոսի աստիճանի, 27-ն (7,7 առ հարիւր) DiplՒme-ի թեկնածուներ են: Մասնակիցներէն մէկը, որ կը ներկայացնէ մասնակցողներուն 0,3 առ հարիւր-ը, դոկտորականի ուսանող է, իսկ մնացեալ 12-ը (3,4 առ հարիւր) այլ աստիճաններու ուսանողներ են, օրինակ` բժշկական մասնագիտութեան կամ դեղագործութեան դոկտորութեան (PharmD):
6. Ո՞ր մասնագիտական պատրաստութեան կը հետեւիս (օրինակ` երկրաչափութիւն, առեւտրական գիտութիւններ, համակարգչային գիտութիւններ, մարդկային գիտութիւններ…)
Հասկնալու համար լիբանանահայ ուսանողութեան մասնագիտական պատրաստութեան պատկերը` Զաւարեան ուսանողական միութիւնը հարցուց հետեւեալ հարցումը: Մասնակցողներուն պատկերը ըստ մասնագիտութեան կը ներկայացնենք ստորեւ տեղադրուած տախտակին մէջ.
Ամէնէն բարձր տոկոսը ապահոված են business and administration-ի ուսանողները: Մասնակցողներուն 16,76 առ հարիւր-ը business and administration-ի ուսանողներ են: Պէտք է նշել, որ այս թիւին մէջ ընդգրկուած են բոլոր այն ենթամասնագիտութինները, որոնք կ՛իյնան այս մասնագիտութեան հովանոցին տակ (օրինակ` Management, Marketing, Business Development…): Երկրորդ տեղը գրաւած են electrical engineering ուսանող աշակերտները: Մասնակցողներուն 6,82 առ հարիւր-ը electrical engineering-ի ուսանողներ են: Իսկ երրորդ դասակարգի վրայ կը գտնուին Computer Science ուսանողները, որոնք կը ներկայացնեն մասնակցողներուն 6,25 առ հարիւր-ը:
7. Կը մտածե՞ս արտագաղթելու մասին
Զաւարեան ուսանողական միութեան այս հարցախոյզէն ի յայտ եկաւ, որ լիբանանահայ ուսանողութեան 77,3 առ հարիւր -ը կը մտածէ Լիբանանէն արտագաղթելու մասին:
Այս հարցումին պատասխանած են 352 մասնակցողներ, որոնցմէ 272-ը (77,3 առ հարիւր) կը մտածեն Լիբանանէն արտագաղթելու մասին: Անոնցմէ 60-ը (17 առ հարիւր) իբրեւ այս հարցումին պատասխան ընտրած են «անորոշ» պատասխանի տարբերակը: Իսկ 20 անձեր (5,7 առ հարիւր) պատասխանած ու հաստատած են, թէ չեն մտածեր արտագաղթի մասին:
8. Ո՞ր պատճառներն են, որոնք կը մղեն քեզ արտագաղթելու մասին մտածելու (կարելի է ընտրել մէկէ աւելի պատճառներ):
Ինչպէս տեսանք նախորդ բաժինին մէջ, արտագաղթելու մասին մտածող լիբանանահայ ուսանողներուն թիւը հսկայական է: Այս հարցումին ընդմէջէն առիթը պիտի ունենանք հասկնալու արտագաղթելու մասին մտածելու հիմնական պատճառները:
Այս հարցումին իբրեւ պատասխան կարելի էր ընտրել հետեւեալները.
Ա. Քաղաքական անապահովութիւն կը զգամ
Բ. Գործի ոչ լաւ նիւթական վարձատրում
Գ. Աշխատանք գտնելու դժուարութիւններ
Դ. Ուսման հետ առնչուող պատճառներ
Ե. Երկքաղաքացիութենէս կ՛ուզեմ օգտուիլ
Զ. Ընտանիքիս միանալ
Է. Այլ
Առաջին եւ հիմնական պատճառը ըստ արդիւնքներուն կը ներկայանայ աշխատանք գտնելու դժուարութիւնը: Մասնակցողներէն 190 անձեր պատասխանած են, թէ արտագաղթի մասին մտածելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը Լիբանանի մէջ աշխատանք գտնելու դժուարութիւնն է:
Իբրեւ արտագաղթի մասին մտածելու պատճառ երկրորդ տեղը գրաւած է քաղաքական անապահովութիւնը: Մասնակցողներէն 184-ը նշած են, թէ արտագաղթելու մասին կը մտածեն, որովհետեւ քաղաքական անապահովութիւն կը զգան:
Հիմնական պատճառներէն երրորդը գործի ոչ լաւ նիւթական վարձատրումն է: Մասնակցողներէն 149 անձեր նշած են, որ անոնց արտագաղթի մասին մտածելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը գործի ոչ լաւ նիւթական վարձատրումն է:
Մասնակցողներէն 107-ն նշած են, թէ արտագաղթի մասին մտածելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը ուսման հետ կ՛առնչուին:
Ըստ 28 մասնակցողի, արտագաղթի մասին մտածելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը, անոնց մէկէ աւելի երկիրներու քաղաքացի ըլլալու հանգամանքն է:
Մասնակցողներէն 16-ը նշած են, որ արտագաղթելու մասին մտածելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը իրենց ընտանիքներու միանալու փափաքն է:
Իսկ 20 հոգի նշած են, թէ այլ պատճառներով կը մտածեն արտագաղթելու մասին: Այդ պատճառներէն են «յաջող ապագայ մը ունենալ»-ը, «նպատակներու հասնիլ»-ը, «փոփոխութիւն մը ապրիլ»-ը եւ «փտած քաղաքական համակարգէն հեռանալ»-ը:
(Շար.1)
1Սխալ հաշուարկումի կամ հանգամանքներու փոփոխոթեան պարագային նուազագոյն արտօնելի քանակը: