Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կախնահաս Ցաւալի Մեկնում Մը Բարեհամբոյր Ազգային-Միութենական Նուիրեալ Բժ. Վազգէն Ժամկոչեան

Դեկտեմբեր 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Վազգէն Ժամկոչեանը ծնած էր հայրենասիրական-գաղափարական առողջ եւ շնչող օճախի մը մէջ` հօրենական դաստիարակութեան ջերմ եւ գողտրիկ մթնոլորտի մը մէջ սնունդ առնելով:

Հայրը` Յակոբ եւ մայրը իրենց զաւակները կրթած էին իբրեւ հայատրոփ սերունդի հետեւորդներ, էովին ընտանեկան հայորդիներ, ազգային-հայրենական ոգիով թրծած, աներերօրէն եւ անվարանօրէն մնալու այդ դալարամէտ շառաւիղին մէջ` ի ծառայութիւն իրենց արմատներուն կենսունակութեան եւ անսասանութեան:

Վազգէն փոքր տարիքէն մինչեւ հասուն երիտասարդութիւն, դպրոցէն համալսարան, մասնագիտութենէ ասպարէզ, եղաւ օրինակելի ու տիպար` իր նկարագիրին յատուկ երանգներով, իր բնաւորութեան արտայայտիչ գիծերով,  հաւատացած ըլլալով, որ իր ընտանեկան դաստիարակութիւնը արդարացնելու լաւագոյն մարզերը պիտի ըլլան մուտք գործել ազգային-գաղափարական, ընկերային-միութենական դարբնոցներուն մէջ:

Բնական էր այդ ընտրանքը, որովհետեւ իր ներաշխարհը այլ ուղղութիւն կամ թեքում չէր կրնար ունենալ, ոչ ալ` շեղիլ իր աշխարհահայեացքային սլացիկ նպատակակէտերէն:

Եթէ իր յաճախած վարժարանները` ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեանը եւ Յովակիմեան-Մանուկեանը,  իրենց ուսումնատուութեանց կողքին, նաեւ զինք բիւրեղացուցին բարեգործական եւ ՀԵԸ-ական ժրաջան գործունէութեամբ, ատոնք դարձան առաջին աստիճանները, ուր ան կազմաւորուեցաւ` որպէս ապագայ գործունեայ ջատագովը իր իտէալական աշխարհի հասանելիութեան:

Հայաստանի մէջ իր համալսարանական ուսումնառութիւնը` ատամնաբուժական մասնագիտութեամբ, զինք աւելի մօտեցուց մարդասիրական, ազգասիրական ու գաղափարասիրական առաջադրանքներուն, հոն «վերամկրտուելով» իր ժողովուրդին հարազատ մնալու յանձնառութեամբ:

Լիբանան վերադառնալով` լիբանանահայութեան ծառայելը Վազգէնին համար խորապէս գիտակցուած էր այն մեկնակէտով, որ իր ծննդավայրէն դէպի հայրենիք… «քայլ» մըն էր, ուր ինք ունէր իր համեստ, այլապէս հիմնարար բաժինը` զօրակցելու անոնց բարեկեցութեան ու բարօրութեան փոխադարձ վերելքներուն:

Իր անհատական դարմանատունը երբեք արգելք չեղաւ, որ Վազգէն ինքզինք հեռու պահէր իր ազգային-հոգեկան աշխարհէն, ընդհակառակը, աւելի փարած կը մնար հայկական կառոյցներուն ընդմէջէն իր շնորհաբեր նպաստը բերելու, մասնակցութիւնը ապահովելու ու ներդրումները կատարելու` անոնց բարգաւաճման ու ծաղկման ի խնդիր:

Արդարեւ, ՌԱԿ-ը եւ ԹՄՄ-ը, ՀԲԸՄ-ը եւ ՀԵԸ-ը Վազգէնին համար եղան այն ամրակուռ սիւները, որոնց վրայ հիմնուելով` հարթեց իր ճամբան:

Վազգէնը տենդագին լծուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի եւ վերջերս նաեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աշխատանքներուն` ցուցաբերելով համագործակցութեան ոգի բոլոր շրջանակներուն հետ:

– Գաղափարական լիցքով
– Մշակութային հուրով
– Միութենական զօրութեամբ
– Երիտասարդական յղացքով

Լիբանանեան քաղաքացիութեան իր պարտականութեանց հաւատարիմ, ազգային շրջանակներուն շուրջ բոլորուած, հայաստանեան լինելիութեան երախտապարտութեամբ համակուած, բայց մանաւանդ` լիբանանահայութեան կեանքին մէջ իր ամբողջական ներկայութեամբ, Վազգէնը եղաւ այն ազգայինը, որ դարձաւ համակ պարտաճանաչութեան եւ օրինաչափութեան աչքառու թեկնածուներէն մէկը:

Գաղափարախօսական, միութենական, կրթանպաստի, հայրենասիրական, միջկուսակցական, միջկազմակերպական ոլորտներէն ներս, ուր որ պարտականութիւն ստանձնէր, դերակատարութիւն ունենար, աշխատանքի լծուէր, Վազգէնը ամենայն սիրայօժարութեամբ, պարտաճանաչութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը տնօրինէր` որպէս պարկեշտ բանագնաց, լուրջ խորհրդական, հանդարտաբարոյ ժողովական եւ գործօն մասնակից:

Որքան ալ համեստ, ազնիւ ու դիւրահաղորդ, Վազգէնը` անմիջական ու հրատապ հարցերու պարագային, սկզբունքային էր, իր համոզմունքներուն տէրը, իր ներկայացուցած կազմակերպութիւններուն տեսակէտներուն

հաւատարմագրութեամբ, բայց, գերազանցապէս` յօգուտ ընդհանրական շահերուն իրականացումին:

Ասիկա հասարակաց վկայութիւն մը է, որ շա՜տ շատերու համար նշանակալի բարենիշ մըն է Վազգէնին շահած բարեկրթութեան, հեզութեան ու համակեցութեան հաշուոյն:

Հակառակ իր «փոքր» տարիքին (52 տարեկան), Վազգէնը առանց մեծամտութեան կամ ցուցամոլութեան, իր ուժերուն ներածին չափ եւ առաւելագոյն ճիգերով, կրցաւ հաստատել ու փաստել, որ ինք իր ժողովուրդին «հալալ» զաւակն է, որուն նուիրուելու ու ծառայելու բարձրագոյն թռիչքով կը գործէր, անսակարկօրէ՛ն եւ անսահմանօրէ՛ն:

Իւրայատուկ ցուցանշային ինքնավերաբերմունք, որ, դժբախտաբար, ոչ բոլորին տրուած է, յատկապէս անոնց, որոնք կը յաւակնին իրենք զիրենք նկատել ուրիշ մոլորակներէ եկած… ցնորամիտներ:

***

Վազգէնը ճանչցայ այն օրերէն, երբ, հայրենիքէն վերադառնալով որպէս վկայեալ ատամնաբոյժ, «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն այցելելով ինքզինք ներկայացուց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր անխառն գործունէութիւնը ու մասնակցութիւնը բերելու ազգային կեանքին:

Ի՜նչ վեհանձնութիւն եւ առաքինութիւն երիտասարդ գիտակից ու խոստմնալիէ մը, որ մինչեւ իր կանխահաս շիջումը մնաց իր գաղափարին եւ «ազգային ձայն»-ին կրողն ու գործադրողը:

Շանթահարիչ եւ արագահոս մեկնում մը ունեցաւ Վազգէնը, որուն կենդանութեան այնքան պէտքը ունէին կեանքի ընկերուհին` Կարինէն, զաւակները` Յակոբը եւ Հուրին, հայրը եւ մայրը, եղբայրը` Մարտիկը, քոյրն ու փեսան` Մարիան ու Սեւակը, ազգականները եւ բազում զինք ճանչցողները, սիրողներն ու մտերիմները:

Անտարակոյս, Վազգէնը, իր հեզահամբոյր ժպիտով, խօսուն նայուածքով, համեբերատար վարքագիծով եւ առհասարակ ընկերային յարաբերութեամբ ու հաղորդականութեամբ զգալի պարապ մը կը ձգէ իր ետին, բայց նաեւ` անկարելիութիւն մը զինք մոռնալու եւ իր յիշատակը չպահելու ու չյարգելու:

Յիշուելու արժանի անբասիր հայամարդ մը` Վազգէն Ժամկոչեան, որուն ներկայութիւնը այնքան փայփայելի պիտի ըլլար, իսկ բացակայութիւ՞նը չափազա՜նց տխուր…:

Պէյրութ

Նախորդը

Նշմար. Հայաստանն Ու Արցախը Պէտք Է Դադրին Բեւեռներու Պայքարին Թատերաբեմ Ու Գործիք Դառնալէ

Յաջորդը

Միսաք Ներսէսեանի Անթառամ Յիշատակին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?