Սպանիոյ Քասթէոն քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը, որով կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, երկրի կեդրոնական իշխանութիւնը, այլ տեղական ինքնակառավարման մարմինները եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը յորդորէ` հետեւելու իր քայլին:
Նշենք, որ Քասթէոն Վալենսիա մարզի շրջանային կեդրոնն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տուեալ մարզի երեք շրջանային կեդրոնները` Վալենսիան, Ալիքանթէն եւ Քասթէոնը ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: