Պարսելոնայի Նախագահական Ընտրութիւնները` 24 Յունուար 2021-ին
Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 24 յունուար 2021-ին տեղի պիտի ունենան ակումբին նախագահական ընտրութիւնները:
Նշուեցաւ, որ թեկնածուները իրենց քարոզարշաւը կրնան կատարել 15-էն 22 յունուար:
Նախագահական ընտրութիւնները պիտի տեւեն 12 ժամ: Այդ ժամանակահատուածին, ակումբին 110 հազար պաշտօնական անդամները պիտի ընտրեն իրենց նոր նախագահը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական