Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, իր ստացած վնասուածքին պատճառով երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
28 տարեկան ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Լիոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (14-րդ հանգրուան):
Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուելիք հինգ մրցումներու (Լօրիանի, Լիլի, Սթրազպուրկի, Սենթ Էթիենի եւ Պրեսթի դէմ):