Միջազգային մարզական լրատուամիջոցներուն համաձայն, որոնց կարգին` «Տէյլի-Մէյլ», կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ Ռէալ Մատրիտ կրնայ վերադառնալ այն ժամանակ, երբ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Զինետտին Զիտան պաշտօնանկ ըլլայ:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը կը փափաքի վերադառնալ Ռէալ Մատրիտ, սակայն չի փափաքիր գործակցիլ Զիտանի հետ:
Պէյլ, որ 2013-ին Թոթենհամէն միացաւ Ռէալ Մատրիտին` անոր հետ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով, այս ամրան ընթացքին փոխ տրուեցաւ լոնտոնեան կազմին: