Ինչպէս ծանօթ է, 22 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Կը կազմուին տարբեր ցանկեր, ինչպէս նաեւ կը ներկայանան անհատ թեկնածուներ:
Այս բոլորը կը նշանակեն, որ բոլոր ֆետերասիոններուն մէջէն ամէնէն բուռն պայքարը տեղի պիտի ունենայ այս ֆետերասիոնին մէջ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին իր թեկնածութիւնը առաջադրեց նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ֆետի Խաթիպ:
Ան ըսաւ, որ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ժորժ Պարաքաթի, որուն գլխաւորած ցանկը պայքար պիտի մղէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գործող նախագահ Աքրամ Հալապիի գլխաւորած ցանկին դէմ: