Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Դաւիթ Օվասափեան երէկ չյաջողեցաւ տիրանալ պրոնզէ մետալին:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի բաժակի անհատական ախոյեանութեան 130 քկ դասակարգին մէջ հայրենի ըմբիշը, որ մրցեցաւ ուքրանացի Միքոլան Քուչմանի դէմ, դժբախտաբար կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ կը յառաջանար` 2-1 արդիւնքով: