Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՄԵՏՎԵՏԵՒ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

January 24, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿՆՔՈՒՄԸ
ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑԻՆ

Մետվետեւ կը հովանաւորէ Ալիեւ - Սարգսեան հանդիպումը

Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք, անոնք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ «նկատի ունենալով խաղաղ համաձայնագիրի կնքման կարեւորութիւնը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են արագացնելու հիմնարար սկզբունքներուն վերաբերեալ համաձայնութիւններու կնքումը` հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը»:

Ըստ յայտարարութեան, նախագահները քննարկած են շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմները` հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի դէտերուն վերջին զեկուցումը:

«Ղարաբաղեան տագնապի ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդման միջոցներէն մէկը երկու երկիրներուն միջեւ մարդասիրական կապերու զարգացումն է», ընդգծած են նախագահները:

Այս ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը, մասնաւորաբար հասարակական եւ գիտական շրջանակներուն մէջ:

ՄԵՏՎԵՏԵՒ – ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ալիեւ եւ Մետվետեւ

Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկած են կովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: «Մենք ամուր կերպով կապուած ենք Կովկասի հետ եւ անտարբեր չենք այն ամէն ինչին նկատմամբ, որ տեղի կ՛ունենայ այստեղ…», ըսաւ` Մետվետեւ ընդգծելով նոյն օր տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի կարեւորութիւնը:

«Նման հանդիպումներ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան, որոշ տեղ յառաջընթաց կայ, որոշ տեղ` խնդիրներ, սակայն այս երկխօսութիւնը օգտակար է, եւ ես յոյսով եմ, որ նման հանդիպումներ շարունակական ըլլան», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:

Ալիեւ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Տմիթրի Մետվետեւին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործադրած ջանքերուն համար: «…Եղած են յուսադրող պահեր, եղած են պահեր, երբ մեծցած է յոռետեսական տրամադրութիւնը, սակայն այն, որ դուք կը շարունակէք այդ ջանքերը, լաւատեսութիւն կը ներշնչէ», ըսաւ Ալիեւ` աւելցնելով, որ իր երկիրը շահագրգռուած է շրջանին մէջ կայունութեան պահպանումով:

ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Սարգսեան եւ Մետվետեւ

Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը:

Ռուսական «Վեսթի.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Հանդիպումին սկիզբը Մետվետեւ ըսաւ, որ «Սոչիի մէջ, լեռներու մէջ ձմեռնային հանդիպումներու բարի աւանդութիւն ձեւաւորուած է, եւ ես ատոր մէջ խորհրդանշական շարք մը բաներ կը տեսնեմ»:

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծեց, որ ապրանքաշրջանառութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործնական հանդիպումներու զարգացման տեսանկիւնէն 2011-ը կարելի է յաջողակ նկատել:

Մետվետեւ աւելցուց, որ այսուհանդերձ, իրավիճակը կարելի չէ «փայլուն» որակել: «Կան շարք մը ոչ դիւրին մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին` այս շրջանին մէջ», ընդգծեց ան:

Նախագահ Սարգսեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ իր գործադրած ջանքերուն համար:

«Շնորհակալութիւն այն ջանքերուն համար, որ կը գործադրէք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման համար», յայտարարեց Սարգսեան` աւելցնելով, որ նման հանդիպումները թոյլ կու տան իրավիճակը քիչ թէ շատ վերահսկողութեան տակ պահել:

ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած Սարգսեան-Մետվետեւ-Ալիեւ հանդիպումին նախօրեակին Մոսկուա տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Երկուշաբթի, 23 յունուարին, Սոչիի մէջ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան: 2008-էն ի վեր Ռուսիոյ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է տագնապի լուծման ուղղուած տասը հանդիպում, որոնց վերջինը տեղի ունեցած է Քազանի մէջ 24 յունիս 2011-ին: Քազանի վեհաժողովին ժամանակ երկիրները յաջողած էին մօտեցնել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու նախագիծի վիճելի դրոյթներուն վերաբերեալ դիրքորոշումները, փաստաթուղթ, որուն հիման վրայ ինքնին պէտք է մշակուի խաղաղ համաձայնագիրը»:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` Քրեմլինի մէջ կը նշեն, որ «լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն զինադադարի դրութեան խախտման յաճախակի դարձած դէպքերը, զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու շարքին զոհերը, երկու կողմերուն ռազմաշունչ յայտարարութիւնները»:

«Ռուսիա հետեւողականօրէն կողմերը վստահութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին կը համոզէ: Այդ նպատակին ուղղուած էր 5 մարտ 2011-ին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն որդեգրած միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ արձանագրուած է վիճելի բոլոր հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող հաւանական միջադէպերու առնչութեամբ հետաքննութիւն կատարելու ձգտումը», ըսուած է Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Մոսկուա յոյս ունի սեղմ ժամկէտի ընթացքին աւարտել միջադէպերու հետաքննման մեքանիզմի մշակման աշխատանքները:

«Մոսկուան կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման ուղղութիւններէն կը նկատէ երկու երկիրներու մտաւորականներու, գիտական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան վերսկսումը»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Մետվետեւ-Սարգսեան բանակցութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ ռուս-հայկական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցութեան առաւել կարեւոր կողմերը… Իսկ ռուս-ազրպէյճանական օրակարգին վրայ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Կասպից ծովու հիմնախնդիրին, շրջանային եւ միջազգային հարցերու համակարգումին»:

Նախորդը

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԽԱԲԿԱՆՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐ` ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.