Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԻ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

January 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել  Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 4:30-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նախորդ նիստին ընթացքին քննարկուած եւ անլոյծ մնացած հարցեր, ինչպէս` Ժալ էլ Տիպի կամուրջին կազմաքանդումը եւ 2012-ի պետական պիւտճէի օրինագիծը: Նշենք, որ նշեալ երկու հիմնահարցերուն կողքին քննարկուեցաւ նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի թղթածրարը, որ իբրեւ հրատապ հարց քննարկուեցաւ կառավարութեան նիստին սկիզբը:

Կառավարութիւնը պահանջեց անմիջապէս գործադրել ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը` աւելցնելով, որ անկարելի է ընդունիլ երկրին մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը անջատելու ընթացքը:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ Լիբանանի բանտերուն թղթածրարը` նկատի ունենալով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի Ռումիէ կատարած երէկուան այցելութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ներքին գործոց նախարարը ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացուց բանտերուն պարզած իրավիճակին մասին:

Ժալ Էլ Տիպի կամուրջի կազմաքանդումին առնչութեամբ կառավարութիւնը լսեց  Բարգաւաճումի եւ վերակառուցման ազգային խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի բացատրութիւնը, որուն համաձայն նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին այդ կամուրջը պիտի կազմաքանդուի:

Կառավարութիւնը այդ կամուրջը կազմաքանդելու աշխատանքը վստահեցաւ Բարգաւաճումի եւ վերակառուցման ազգային խորհուրդին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման անդրադարձած է Արիտայի ապահովական միջադէպին` մաղթելով, որ նման միջադէպեր չկրկնուին ապագային:

«Այս առումով նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան եւ Սուրիա պէտք է համագործակցին նման հարցերու առաջքը առնելու համար: Նախագահ Սլէյման կառավարութեան փոխանցեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները», ըսաւ Տաուք:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց 566 միլիոն տոլար փոխանցել` ֆինանսաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայանը յաւելեալ էջուղիներով եւ անցքերով օժտելու ծրագիրը:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը` աւելցնելով, որ այդ նախագիծին քննարկումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ 31 յունուարին:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՊԱՏԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԻՐԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼէՅՄԱՆԻ ԵՒ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐՐԻԻ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.