Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Ազատ մարդը կը ճանչցուի անով,
որ ան միաժամանակ կամ յաջորդաբար յարձակման
կ’ենթարկուի հակադիր կուսակցութիւններու կողմէ»:
ՀԱՆՐԻ ՏԸ ՄՈՆԹԵՐԼԱՆ, ֆրանսացի գրող (1895-1972)*
Երբ կը հետեւիք Հայաստանի քաղաքական կեանքին եւ անոր ներքին հակասութիւններուն` հեռատեսիլ, թերթ, ցոյց, փոխադարձ ամբաստանութիւններ, պարտութեան նուաստացում, տարածքային կորուստ եւ այլ զիջումներ, տխրութեամբ եւ սարսափով հարց կու տաք դուք ձեզի, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ յառաջացնել ներքին ամուր ճակատ մը, որ երաշխաւորէ ազգի եւ հայրենիքի ապահովութիւնը եւ տեւականացումը:
Խօսքը կը վերաբերի ազգի եւ հայրենիքի: Ո՛չ իշխանի, ո՛չ իշխանութեան, ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի, անոնք ըլլան օրէնքով, սահմանադրութեամբ, թէ քուէներով:
Պառակտումները ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնեն ազգային բովանդակային համախոհութեամբ մը (Հայաստանի մէջ ընդունուած եզրով` կոնսանսուսով), որ նայի դէպի գալիքը, վերականգնումը, հզօրացումը, մէկութիւնը` տոկալու եւ տեւելու համար: Պիտի ստեղծուի՞ անհատական փառասիրութիւնները գերանցող գաղափարական-քաղաքական համադրութիւն մը, ուժ, որ յաղթահարէ մասնակին` յանգելու համար էականին:
Այս կախարդական հրաշք լուծումը իշխանութեան, անհատի կամ կուսակցութեան փոփոխութեամբ եւ փոխարինումով կարելի չէ: Քէնի եւ քինախնդրութեան պայքարները, սկսող չաւարտող իրաւ-կեղծ հաշուեյարդարները, վերաբերումները, կեցուածքները, քարացուցած են միտքերը, եւ արժեւորումները ազնիւ քաղաքականութեան հակառակն են: Կայացած երկիրներու յատուկ քաղաքական բնական մրցակցութիւն գոյութիւն չունի Հայաստանի մէջ, ուր ան փոխարինուած է ատելավառ թշնամութեամբ:
Յաճախ գործածեցի մէկ կէսը միւս կէսի դէմ բացատրութիւնը: Կէսերն ալ իրենց կէսերը եւ քառորդները ունին: Պառակտումներ: Համացանցի, մամուլի, ձայնասփիւռի եւ խօսակցութիւններու մէջ սուտը, ճիշդը, անտեղեակութիւնը եւ անվերահսկելի դարձած գերաճող հիմնաւոր կամ ենթադրական մեկնաբանութիւնները ստեղծած են խառնաշփոթութիւն: Շարքային քաղաքացիները չեն կրնար կողմնորոշուիլ, կամ կը կողմնորոշուին միայն ու միայն անմիջականօրէն տեսանելիով. քէն, վրէժխնդրութիւն, սեւ եւ ճերմակ, նախկիններ եւ սորոսականներ:
Այս պատկերը փոխադրուած է նաեւ սփիւռք(ներ), ուր սուտը կը խառնուի ճիշդին` հին, բայց ոչ հինցած քէներ յայտնաբերելով, անցեալը արթնցնելով եւ փորձելով հիմնաւորել նոր փառասիրութիւններ:
Անմիջականէն, եսէն եւ կողմնապաշտականէն անդին նայելու առաքինութիւն չունինք: Այս կոշկոռ կապած հաւաքական ախտին պատճառը հաւանօրէն մեր միշտ օտարի տիրապետութեան տակ եղած ըլլալն է, երբ մեզի բաժին մնացած է միայն ներազգային մանրուքով զբաղելու բաւարարութիւնը, թաղային-տեղայնական կիսա-իրաւունքը, որ կը խոչընդոտէ պետականութիւն մտածելու տրամաբանութիւնը, եւ զիրար հալածելով ինքնահաստատման ձգտելու կարելին: Պարզ հայերէնով. ե՛ս ճիշդ եմ, ե՛ս իրաւունք ունիմ, ե՛ս պիտի ըլլամ մեծը: Յաճախ կը յիշեմ, որ Արշակունի վերջին թագաւոր Արտաշէս Դ. գահընկէց եղաւ հայ իշխաններու կողմէ Պարսից արքային եղած դիմումով եւ Արշակունեաց թագաւորութիւնը վերջ գտաւ 428-ին:
Այսօր կացութիւնը այնպէս է, որ բազմացած են իրաւունք ունեցողները, իրաւասուները, ճիշդի պահակները, յանուն ժողովուրդի, յանուն պատմութեան, յանուն ապագայի խօսողները, եւ շարքային քաղաքացին այլեւս անկարող է իր ճամբան տեսնելու, չի գիտեր` որո՞ւ հետեւի, ո՞վ ճիշդ է, ո՞վ սխալ: Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել, թէ Հայաստանի մէջ ի՛նչ է կուսակցութիւններու թիւը:
Շարքային քաղաքացին եթէ այս կամ այն թաղային հեղինակութեան ազդեցութեան տակ չէ, ինչպէ՞ս ընտրութիւն պիտի կատարէ տասնեակներով կուսակցութիւններու միջեւ: Տասնեակներով կուսակցութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ մարդիկ, մեծեր եւ պզտիկներ, կորսնցուցած են զիրար լսելու եւ համախմբուելու ունակութիւնը: Եթէ տասնեակներով կուսակցութիւններու առաջնորդները կը խորհին, որ Ջրաշէնի կամ Խնձորեսկի գիւղացին պիտի բաղդատէ քսան-երեսուն կուսակցութիւններու ծրագիրները, դատէ եւ ընտրութիւն կատարէ, կը սխալին, եւ սխալ տեղ կ’երթայ երկիրը:
Հետաքրքրական պիտի ըլլար, որ լրագրող մը, կամ գիտաշխատող մը ի մի բերէր բոլոր կուսակցութիւններու ծրագիրները եւ առաջադրանքները, նշէր նոյնութիւնները եւ տարբերութիւնները` ցոյց տալու համար, թէ ո՛ր մէկը իրապէս ազգային-հանրային իրաւ լիցք ունի, ո՛ր մէկը դիրք հետապնդող անհատի շուրջ պատահական եւ պահու պահանջած կարիքներու բաւարարման շուրջ համախմբում է:
Ինչո՞ւ չենք յաջողիր հանրային կարծիքը լուսաբանել եւ ըսել, որ քինախնդրութեամբ եւ անուններ փոխելով` երկիր չի կառավարուիր, երկիր չի զարգանար: Անհրաժեշտ են ապագայի տեսիլքը, ծրագիրը, որոնք երազային կ’ըլլան, եթէ միաժամանակ չըսուի, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականանան անոնք, ի՛նչ միջոցներով, ի՛նչ հմտութիւններով եւ ձեռնհասութեամբ: Թաղի անկիւնի կրպակավաճառն ալ կրնայ գերարդիական բանակ ունենալու ցանկութիւն ունենալ: Յետո՞յ: Կամ` ցանկութիւն ստեղծելու ներածման-արտածման մեծ ընկերութիւն մը. ի՞նչ միջոցներով եւ յարաբերութիւններով: Յետո՞յ: Հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն տեսնուած զինատեսակներու եւ կրակներու (չ)գիտութեամբ բանակ չի կայանար եւ չ’առաջնորդուիր: Ի վերջոյ, շաբաթավերջի որսորդին եւ որսի հրացանին եւ ժամանակակից բանակի հրամանատարին եւ գերարդիական հեռավարուող զինատեսակներուն միջեւ տիեզերքի մը չափ հեռաւորութիւն կայ:
Այլ խօսքով, չափի գիտակցութիւն պէտք է ունենալ: Հակաժողովրդավարական թուացող խօսք մը` այնքա՜ն ճիշդ եւ դիպուկ. մարդիկ հաւասար են, բայց ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են:
Եթէ մեր տասնեակներով կուսակցութիւնները կարենային խմբուիլ քիչ մը աւելի հաւասարներու շուրջ, եթէ մեր երեք, տասը կամ տասնհինգ միլիոնը ընդունելով հանդերձ, որ բոլորն ալ հաւասար են, բայց ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են, մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլար: Երբեմն կ’ըսեմ, որ մեկնելով հաւասարութեան սկզբունքէն` կեդրոնական դրամատան տնօրէնը ես փոխարինեմ, աղէտ կ’ըլլայ:
Այս անհանգիստ միտքերը, որոնք աւելի զգացում են, կը բխին մեր ներկայի գերաճող հակասութիւններէն: Երբ ամէն ոք կը կարծէ, թէ ինք իրաւունք ունի, ինք ճիշդ է, ինք անսխալական է, դէմ կը կանգնինք աղէտներու, որոնք անուններ ունին. խռովութիւն, ապստամբութիւն, յեղափոխութիւն, անիշխանութիւն, քաղաքացիական պատերազմ, աւերածութիւն, քայքայում:
Ինչպէ՞ս ընել, որ իրապէս քիչ մը աւելի հաւասարները լսուին:
Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը բազմաթիւ հարցականներու դէմ կանգնած են, պատմութիւն գիտցող եւ անկէ եկող պատգամները հասկցող բանիմացները ինչո՞ւ չեն խօսիր, ինչո՞ւ զանոնք չենք լսեր, ինչո՞ւ անոնք չեն փոխարիներ զանազան բնոյթի յաճախ ինքնակոչ եւ չափի գիտակցութիւն չունեցող թաղային (չ)հեղինակութիւնները:
Ֆրանսացի իմաստասէր Ժոզեֆ տը Մեսթր ըսած է, որ` «Ամէն ազգ կ’ունենայ իրեն արժանի կառավարութիւն»:
Հետեւաբար ազգը կառավարողները չեն յանցաւորները, այլ իւրաքանչիւր քաղաքացի մեղք ունի` որպէս մասնակից եւ մեղսակից, այն կառավարութեան գործին, զոր կը քննադատէ:
7 դեկտեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան
* On reconnaît l’homme libre à ce qu’il est attaqué simultanément ou successivement par les partis opposés. Henry de Montherlant (1895-1972)