Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշեցում (Ընկերներուս)

Դեկտեմբեր 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ

Եթէ կրնաս…
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան…
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու 
վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին …
Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան
բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ …
այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:

ՌՈՒՏԻԱՐՏ ՔԻՓԼԻՆԿ
Թարգմանեց` Մ. ԻՇԽԱՆ
(Հատուածներ)

Մէկ ամիս անցած է:

Մէկ ամիս, եւ բոլորդ գիտէք` ինչե՜ր զգացի այդ օրերունը նթացքին. գիտէք, որովհետեւ նոյն բաները դո՛ւք ալ զգացիք:

Մեծ, ահաւոր կորուստներու բնորոշ զգացումները: Նախ` չհաւատալ, ետքը` յուսալ, որ թիւրիմացութիւն կամ սխալ մը կայ. ապա յուսալ, որ հրաշքով բան մը կը փոխուի, յետոյ կու գայ գլխուն ուժգին հարուած ստացածի, կորսուած, շուարած վիճակը:

Այնուհետեւ, մէկ ամիսէ ի վեր, ամբողջ շրջապատէս կը լսեմ ողբ ու կոծի, լացակումաց, աղիողորմ արտայայտութիւնները յուսահատութեան:

Մին շեշտը կը դնէ կորսուած նորափթիթ կեանքերուն, միւսը ձեռքէ գացած դրախտավայրին կամ հարստութիւններուն վրայ: Ոմանք, շատեր, նոյնիսկ կ՛ափսոսան այդ տարածքները շէնցնելու նուիրատուութիւններուն վրայ:

Եւ այսպէս շարունակ` ափսոսանք, ողբ ու կոծ եւ ամբողջական յուսահատութիւն:

Չեմ թաքցներ, ձեզմէ լաւը չեմ, ե՛ս ալ այդ յուսահատութեան փուլը, օրերը ապրեցայ:

Բայց…

Բայց զիս փրկեցին եւ մէկ-երկու օր ետք այդ հոգեվիճակէն դուրս բերին երկու մահկանացու եւ երեք անմահ:

Առաջին մահկանացուն երէց ընկեր մըն է, որուն հետ զրոյցիս ընթացքին ըսաւ, որ Արցախէն տեղահանուածներու պատկերը յիշեցուց ցեղասպանական տեղահանութեան լուսանկարները: Բայց շուտով իմ սպասած ողբուկոծին տեղ աւելցուց, որ վայրկեան չկայ կորսնցնելիք, շուտով կու գայ Հայաստանի անողոք ձմեռը եւ այդ գաղթականներուն հոգալ է պէտք:

Երկրորդը աղջնակս է, որուն արտայայտութիւնները զայրոյթ, ցասում, կատաղի ատելութիւն կը ժայթքեն քաղաքակիրթ աշխարհի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, քիչ մը աւելի` թուրք-ազերիներուն եւ ա՛լ աւելի` դաւաճաններուն հասցէին:

Եւ այն պահուն, երբ շրջապատս կը յիշեցնէր տարաբախտ ազգիս բոլոր սեւ էջերը, յիշեցի, նաեւ, որ նոյն այս ազգը Հայասպանութենէն երեք տարի ետք վերականգնեց վեց դարէ կորսուած պետականութիւնը:

Յիշեցի քրիստափորեան «Յարատեւ կռիւ»-ի մասին անհամար հրատարակութիւնները, ռոստոմեան կամքի մասին անհամար դասախօսութիւններն ու երգերը:

Չկարդացուող լոզու՞նգ դարձաւ «Յարատեւ կռիւ»-ը: Օտարալեզո՞ւ դարձաւ ռոստոմեան կամքի մասին երգը:

Եթէ Արարատի ոչխարները եղած ենք դարեր, ապա այդպիսին ըլլալէ դադրեցանք 130 տարիներ առաջ, Գէորգ Չաւուշներուն, Թեհլիրեաններուն ու Լիզպոնի ողջակէզներուն հետ:

Ժամանակ չկայ ողբ ու կոծով կորսնցնելու:

Որդեկորոյսներ, այրիներ ու որբեր կան, արիւնլուայ արիւնակիցներ եւ անպատսպար գաղթականներ, որոնք  օգնութեան կարիք ունին: Գիւղ ու քաղաքներ կան վերաշինելու: Բանակ կայ վերականգնելու: Հողեր կան կրկին ազատագրելու: Վրէժ կայ լուծելու:

Հայրենիք կայ փրկելու: Ապագա՛յ կայ կերտելու:

Ժամանակ չկայ կորսնցնելու, եւ յուսահատութեան փոխարէն` կատաղի մոլեգնութեամբ գործի պէտք է լծուիլ:

Առաջին պարտութիւնը չէ, առաջին աղէտն ու ողբերգութիւնը չէ:

Այս դժոխային պահերուն չմոռնա՛նք յարատեւ կռիւի քրիստափորեան պատգամը, անկոտրում կամքի ռոստոմեան օրինակը:

Եւ, եթէ պէտք է, Մուշեղ Իշխանի այդ թարգմանութենէն յիշե՛նք գլխագիր Մարդ եւ գլխագիր Ազգ կոչուելու իրաւունքը ստանալու անհրաժեշտ տուեալները:

9 դեկտեմբեր 2020

Նախորդը

Տեսակէտ. Գիշատիչները Կործանում Են Երկիրը, Իսկ Մե՞նք…

Յաջորդը

Նշմար. Էրտողան Եւ Ալիեւ Կը Սպառնան, Իսկ Մե՞նք…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?