Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաղթող Եւ Սուրբ Հայրապետ»

Դեկտեմբեր 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԱԲՂ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն

Սուրբերը յաղթական Եկեղեցւոյ այն անդամներն են, որոնք Քրիստոսի օրինակին հետեւելով` իրենց արեան մինչեւ վերջին կաթիլը թափած են Աստուծոյ կամքը կատարելու համար: Անոնք հերոսաբար գործադրած են Աւետարանի պատուիրանները եւ Քրիստոսի խօսքին հետեւելով` իրենց անձը խոնարհեցուցած եւ արժանացած են երկնային լուսեղէն պսակներու:

Երբ խուզարկու ակնարկ մը նետենք սրբոց վարքերուն, հոն շեշտուած է այն գաղափարը, որ կ’ըսէ, թէ սուրբերը իրենց ԵՍ-ը խոնարհեցնելով` Աստուծոյ անունն է, որ բարձրացուցած են եւ յայտարարած` իբրեւ մէ՛կ Աստուած, մէ՛կ ստեղծիչ եւ բոլորին գոյութեան միա՛կ պատճառ:

Անոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են Աստուծոյ խօսքին մեկնաբանութեան եւ տարածման: Սուրբերը իրենց ճգնողական կեանքին, հաւատքի ամրութեան եւ սրբակենցաղ վարքին համար է, որ Եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած են:

Հետեւաբար բաւարար չէ սուրբերուն յիշատակը տօնել եւ սուրբերուն գործերը պանծացնել, այլ ամէն բանէ առաջ հարկ է ճանչնալ սուրբերը, որովհետեւ առանց ճանչնալու` կարելի չէ սիրել եւ առանց սիրելու` կարելի չէ անոնց պատգամը կենսաւորել:

«Առաքմամբ Սուրբ Հոգւոյն յանապատէ կոչեցար. առեր պատիւ մեծութեան նման մեծին Յովհաննու, երգակցելով ընդ վերնոց… Սուրբ Հոգիին առաքումով անապատէն կանչուեցար, Մեծ Յովհաննէսի նման մեծութեան պատիւ ստացար, երկնայիններուն հետ երգակից եղար» (ՇԱՐԱԿՆՈՑ):

Սուրբ Յակոբի վարքին աննկարագրելի պատկերները հետեւեալ տողերով անդրադարձած են մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը: Մերթ` կոչած են Մովսէսի նման յաղթող` ընդդէմ չար փարաւոնին, մերթ` Յովհաննէս Մկրտիչի նման մեծութեան կանչուած, մերթ` Պետրոսի նման Քրիստոսի հօտը առաջնորդող եւ, վերջապէս, Քրիստոսի նման` մեռելները կենդանացնող: Սուրբ Յակոբ քրիստոնէական հաւատքով տոգորուած` իր կեանքը նուիրագործեց ծառայութեամբ, համբերութեամբ, խոնարհութեամբ եւ կամքի ամրութեամբ:

Սուրբ Յակոբ  մեր երկրորդ լուսաւորչին` Սուրբ Գրիգոր Պարթեւին զարմիկն էր: Սուրբ Յակոբ  հաւատքի, կամքի եւ յոյսի սիւն եղաւ հայերուս համար:

Սուրբը ծնած է Մծբինի մէջ: Երիտասարդ տարիքին նուիրուած է ճգնաւորական կեանքին: Ըստ վարքագիրներուն, Սուրբ Յակոբ իր ճգնաւորական խիստ վարքին շնորհիւ արժանացած է սերովբէներու ու քերովբէներու դասերուն հետ փառաբանելու Տիրոջ Ամենասուրբ անունը:

Սուրբ Յակոբ իր կեանքի ընթացքին բազմաթիւ հրաշքներ գործեց: Ան զՔրիստոս ապրեցաւ եւ ապրեցուց իր միջավայրին մէջ: Ջուրին վրայէն քալեց, ի ծնէ անդամալոյծ մանուկը մկրտութեամբ բժշկեց, զինք նախատողները պատժեց եւ մեռած մարդը կենդանացուց:

Հրաշքներու կողքին, երբ պայմանները թելադրեցին եւ Տիրոջ կամքը յայտնուեցաւ Մարուգէ ճգնաւորին, Սուրբ Յակոբ հանդիսացաւ իբրեւ հովուապետ Քրիստոսի բանաւոր հօտին:

Ան նշանաւոր դարձաւ իր ժամանակին մէջ իր հոգեշահ քարոզութիւններով, հրաշագործութիւններով ու ճգնաւորական խստամբեր վարքով:

Երբ ուզենք խօսիլ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին կեանքին ու գործունէութեան մասին պէտք է անդրադառնանք հետեւեալներուն:

1) Սուրբ Յակոբ` Հաւատքի Հայրապետը

Ի՞նչ է հաւատքը:

Հաւատքը վստահութիւն է: Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ. «Հաւատք` կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն, որոնց հանդէպ յոյս ունինք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն, որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11:1): Մենք` քրիստոնեաներս յոյս ունինք փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքին եւ վստահ ենք, որ այս փրկութիւնը կ’իրագործուի միայն ու միայն Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:

Այս հաւատքի տեսլականով ապրեցաւ Սուրբ Յակոբ: Ան այն հաւատքի մարդն էր, որ իր հաւատքէն վերացած` ուզեց բարձրանալ Արարատ լերան գագաթը` գտնելու եւ իրեն հետ բերելու Նոյեան տապանէն մասունք մը եւ զայն յանձնելու Սուրբ Մարուգէ Ճգնաւորին:

Մծբնայ հայրապետը, հրեշտակներու առաջնորդութեամբ, հասաւ Արարատ գաւառը, բայց Աստուծոյ կարգադրութեամբ, չկրցաւ բարձրանալ մինչեւ Մասիսի կատարը: Ճամբան քնացաւ եւ աստուածառաք հրեշտակը անոր բերաւ տապանէն մասունք մը: Երբ արթնցաւ, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք այս շնորհին արժանացուց:

2) Սուրբ Յակոբ` Կամքի Մարմնացումը

Կամքը մարդուն կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի եւ մարդս կ’առաջնորդէ դէպի փափաքներու եւ ծրագիրներու իրականացում:

Մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին մենք աւելի քան եօթը անգամ «Տէրունական աղօթք»-ը կ’արտասանենք եւ կը կրկնենք «Եղիցի կամք քո» նախադասութիւնը:

Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ զայն:

Աստուծոյ կամքը կրնանք գիտնալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ եւ մեր կեանքին մէջ մեր ընթերցածները կիրարկելով: Այսինքն, երբ կը գտնուինք նեղ պայմանի մը մէջ, որ որոշումներ տալու հարկադրուած ենք, պէտք է մտածենք եւ վերյիշենք Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններն ու խօսքերը, որպէսզի կարողանանք մեր որոշումները Աստուծոյ կամքին համաձայնեցնել:

Աստուածաշնչական ընթերցանութեան կողքին, մեր անձնական աղօթքն ալ կարեւոր է: Սրտանց եւ հետեւողական աղօթքի միջոցով Աստուած իր կամքը կը յայտնէ եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ մեր հոգիներուն:

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետ իր կամքը ենթարկած էր Աստուծոյ կամքին: Ապրած էր աստուածավայել կեանք մը: Իր կեանքը Քրիստոսի նուիրած էր: Իր քարոզութիւններով Քրիստոսի բուրմունքը տարածած էր իր շրջանի ժողովուրդին վրայ: Իր հրաշագործութիւններով դարձած էր Քրիստոսի հայելին` միշտ ու միշտ կատարելով Անոր կամքը:

3) Սուրբ Յակոբ` Հրաշագործ Կրօնաւորը

Եպիսկոպոսանալէն ետք հրաշք կատարելու շնորհքը աւելիով զարգացաւ իր մէջ: Կը պատմուի, որ Մծբինի մէջ երկու մեծահարուստ եղբայրներ կային: Մէկը, որ Կոստանդիանոսի արքունիքին մէջն էր եւ սիրելի էր կայսրին, ընդունած էր քրիստոնէութիւնը եւ` մկրտուած: Իսկ միւս եղբայրը` Կերդոն, մնացած էր իր մոլոր հաւատալիքներուն մէջ` ծաղրելով իր եղբայրը: Նոյն ատեն կը լսէ, որ Ս. Յակոբ առողջացուցած էր 15-ամեայ անդամալոյծ մը: Ուստի, կը դիմէ Ս. Յակոբին, որպէսզի իր փոքրիկն ալ, որ ի ծնէ անդամալոյծ էր, բժշկէ:

Ս. Յակոբ կ’ըսէ. «Մենք կը հաւատանք, թէ ինչ որ հաւատքով խնդրենք, պիտի տայ մեզի»:

Աւազան մը կը պատրաստեն եւ Կերդոնի ութամեայ տղան մէջը կ’իջեցնեն եւ կը մկրտեն  Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Մանուկը կը բժշկուի եւ կը սկսի քալել: Ասոր վրայ Կերդոն իր ընտանիքով միասին կը մկրտուի, եւ սուրբին հռչակը կը տարածուի ամէն կողմ:

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետ 325 թուականին մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական սուրբ ժողովին: Իր գրիչով գրուած շատ մը աստուածաբանական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ յօդուածներ հասած են ներկայ դարեր:

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի յիշատակին նուիրուած «Յաղթող եւ Ս. Հայրապետ» շարականը, որուն հեղինակը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին է, շատ գեղեցիկ կերպով կը ներկայացնէ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը: Սուրբ Յակոբ իր հոգին կ’աւանդէ շուրջ 347 թուականին:

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով` Անոր հաւատքն է, որ տարածեց մարդկութեան կեանքերէն ներս: Իր ունեցած ճգնաւորական կեանքով մեր դիմաց պարզեց աղօթական կեանքին կարեւորութիւնը: Ան իր ունեցած անկոտրում կամքով համայն մարդկութեան սորվեցուց, թէ կամքով մարդ կրնայ հասնիլ հո՛ն, ուր որ ինք կը կամենայ, բայց միշտ` մարդկային կամքը Աստուծոյ կամքին ենթարկելով:

Հետեւաբար, սիրելի՛ ընթերցողներ, այս է Սուրբ Յակոբին կեանքէն քաղուած պատգամները, որոնք կը փոխանցուին մեզի: Ըլլանք խոնարհ, հաւատքի մարդ, հեզ, աղօթական կեանքի նուիրուած եւ ամէնէն կարեւորը` վստահութեամբ եւ սիրով մօտենանք Քրիստոսի:

Շնորհաւոր Սուրբ Յակոբի տօն: Շնորհաւոր բոլոր անոնց, որոնք Յակոբ անունը կը կրեն, թող որ Սուրբ Յակոբի օրհնութիւնները անպակաս մնան մեր վրայէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Բացելով Հայ Եւ Ճափոնցի Ժողովուրդների Պատմութեան Մի Նոր Ու Լուսաւոր Էջ

Յաջորդը

Երեք Հայ Գերիներ Վերադարձուեցան, Անհետ Կորսուած Զինուորներուն Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?