Ե. Փ.
2020-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» հատորը` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի: Ասիկա «Վէմ» համահայկական հանդէսի նորաստեղծ մատենաշարի առաջին հատորն է, որ շարունակութիւնն է Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ Պէյրութի մէջ 1993-ին հրատարակուած Քրիստա.փոր Միքայէլեանի «Նամականի»-ին:
«Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» հատորը, որ նուիրուած է Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան 160-ամեակին, տպագրուեցաւ հովանաւորութեամբ Ալիս Պօղոսեանի` ի յիշատակ անոր մեծ հօր` Արամ Սահակեանի եւ մօր` Կասիա Թիւթէլեանի:
Այս էջով կը հրատարակենք Երուանդ Փամպուքեանի մուտքի գրութիւնը:
Ծանօթ է արդէն ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի նամակներու ժողովածուն` հրատարակուած Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ (Պէյրութ, 1993): Պոսթընի ՀՅԴ կեդրոնական արխիւներէն քաղուած այդ նամակները 188 հատ են. խմբագիրին (Հ. Տ.) նշումով` ինչպէս Քրիստափորի, նոյնպէս նաեւ Ռոստոմի, Զաւարեանի եւ այլոց նամականին ամփոփող հատորներու «շարքերը երբեք կրնայ, անշուշտ, սպառիչ նկատուիլ»: Եւ երեւակայել, որ այս հաստատումին հեղինակը` միա՛յն Դաշնակցութեան հիմնադիր Երրորդութեան Նամականիին նուիրած իր աշխատասիրութեանց մէջ լոյս ընծայած է մօտ 1000 նամակներ: Ասով մէկտեղ, կարելի է ստուգապէս հաւաստել, որ նամակագրական գրականութեան ըստ կարելւոյն ամբողջական ուսումնասիրութիւնը, գէթ կուսակցական-կազմակերպական մարզին մէջ, հեռու կը մնայ գոհացուցիչ եւ բաւարար ըլլալէ, երբ նկատի ունենանք մանաւանդ, որ հասարակական կեանքին վերաբերող շատ մը էական հարցեր իրենց բացատրութիւնը պիտի գտնէին այդ գրութիւններուն մէջ, հոգ չէ թէ անոնք երբեմն անձնական բնոյթ կրեն:
Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ պահպանուած են հայ ազատագրական նորագոյն շարժման գլխաւոր դերակատարներու գրչին պատկանող բիւրաւոր` մեծագոյն մասով անտիպ նամակներ, որոնք պատմական արժէք ունին եւ կը շօշափեն գաղափարախօսական, կազմակերպական եւ գործնական բնոյթի հրատապ խնդիրներ, եւ որոնք կը կրեն ստորագրութիւնները հայ ժողովուրդի ապրած ճգնաժամային այդ տասնամեակներու գլխաւոր դերակատարներուն,- Երրորդութենէն սկսեալ մինչեւ Նիկոլ Դուման, Հրայր-Դժոխք, Անդրանիկ, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Արմէն Գարօ, Միք. Վարանդեան, Ա. Վռամեան, Արամ Մանուկեան, Ակնունի, Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ այլն (բոլորին թւումը պիտի ըլլար շատ երկար):
Արդարեւ, հայոց նորագոյն պատմութեան ուսումնասիրութիւնը շատ բան պիտի կորսնցնէր, եթէ առաջին կարգի այդ փաստաթուղթերը մնային չպեղուած եւ փականքի տակ, ինչպէս կ՛ըսուի` արխիւներու փոշիներուն տակ թաղուած:
Սահմանափակուելով առայժմ ՀՅԴ հիմնադիրներով, որոնց Նամականիին նուիրուած հատորները կը պարունակեն, ինչպէս ըսուեցաւ, շուրջ հազար նամակներ, յայտնենք, որ վերջին տարիներու մեր հետազօտութիւնները երեւան բերին նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, անտիպներ միայն Պոսթընի արխիւներուն մէջ, դարձեալ առանց համոզում գոյացնելու մեր մէջ, որ ուրիշներ պիտի չյայտնուին ապագային` չսպասուած թղթածրարէ մը կամ արխիւատան մէջ կուտակուած բայց դեռ չբացուած ծրարներու մէջ: Այս հաստատումը կը կատարենք` մեկնելով այն իրողութենէն, որ ատենին թէ՛ կուսակցական մարմիններու, եւ թէ անհատ ընկերներու միջեւ հաղորդակցութիւնը կը կատարուէր գլխաւորաբար նամակագրութեամբ, ինչ որ երբեմն հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ պատմական շատ մը խնդիրներու մասին աւելի մօտէն իրազեկ դառնալու:
* * *
Ներկայ հատորով հրատարակութեան տրուող Քրիստափորի անտիպ նամակները կը բովանդակեն 143 գրութիւններ, բոլորը անտիպ, բացի անոնցմէ վեցին, որ լոյս տեսան մեր խմբագրութեամբ հրատարակուած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Ե. հատորին մէջ (Պէյրութ, 2007, էջ 405-413):
– Անտիպներու գրեթէ բոլոր ձեռագիրները կը պատկանին Քրիստափորի գրչին, որ ստորագրութիւններու համար գործածած է Էլլէն ծածկանունը կամ ուղղակի Քրիստափոր կամ Արեւմտեան Բիւրօ, երբ այդ մարմնի անունով կը գրէր կուսակցական մարմիններուն: Առհասարակ անստորագիր են գաղտնի թանաքով արտագրուելիք նամակները, որոնք անշուշտ շարադրուած են Ժընեւ:
– Նամակները ցրուած են զանազան թղթածրարներու մէջ: Այս վերջիններէն յատկանշական են երկու խումբեր, որոնք կը գտնուին մասնաւոր տետրերու եւ հաստափոր տոմարներու մէջ. երկու կարգի են անոնք`
ա) Պատճէններու կամ կրկնօրինակներու տետրեր, որոնք կը պարունակեն կուսակցական մարմիններու, ընկերներու կամ այլազան անձնաւորութեանց յղուած գրութիւններու պատճէնները: Այդպիսիք են` 55-1, 84, 85, 86, 87 եւ 88 տետրերը*:
բ) ԳԱՂՏՆԻ ԹԱՆԱՔՈՎ ուղարկուած նամակներ` բնագիր օրինակներ` յղուած բացառաբար կուսակցական մարմիններու եւ հանգամանաւոր ընկերներու: Այս կարգին կը պատկանին թիւ 81-2, 81-3 եւ 89ա-1 տետրերը կամ մատեանները:
Այս վերջինները ունին առաջնակարգ նշանակութիւն, որովհետեւ գաղտնի թանաքով ուղարկուած նամակներուն համար Բիւրոյի հրահանգը խիստ էր,- կարդալէ ետք փճացնել: Ուստի եւ այս տետրերուն մէջ պահուած են բնագիրները այն բոլոր գրութիւններուն, որոնք չեն հասած մեզի:
Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն տետրերու համարին կողքին յիշատակած ենք տուեալ փաստաթուղթին գրաւած էջին կամ էջերուն թիւը: Այլապէս, այսինքն պատճէններու եւ «Սեւագրութիւններ»-ու տետրերէն դուրս գտնուող նամակներուն վերեւ նշած ենք թղթածրարին համարը, ապա գծիկով միացած փաստաթուղթին թիւը տուեալ թղթածրարին մէջ (օրինակ` 1143-2 կամ 1567ա-14 եւ այլն):
– Հարկ տեսնուած պարագային, նամակներուն սկիզբը խմբագրական ծանօթութեամբ եւ կամ վերջաւորութեան` ծանօթագրութիւններու ճամբով տրուած են հակիրճ բացատրութիւններ գրութեան ծագման, յիշուած դէպքերու եւ այլ պարագաներու մասին. ծանօթագրութիւններով ջանացած ենք նաեւ պարզել ծածկանուններով յիշատակուած թէ՛ տեղանուններու, եւ թէ անձերու իսկական անունները:
Վերջապէս, բաղձալի պիտի ըլլար, Քրիստափոր Միքայէլեանի նամակներուն յաջորդ հրատարակութեան առիթով միացնել, ժամանակագրական կարգի պահպանումով անշուշտ, ե՛ւ Հ. Տասնապետեանի խմբագրած ժողովածուն, ե՛ւ ներկայ հատորով տրուած նիւթերը:
(*) Յայտնենք, որ յիշուած տետրերը կամ տոմարները, որոնցմէ ոմանք կազմուած են մինչեւ 500-ի հասնող էջերով, կը բովանդակեն նոյնպէս Արեւմտեան Բիւրոյի միւս անդամներուն եւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան կողմէ գրուած նամակներու պատճէնները: