«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան վարչապետութեան թեկնածու Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ նախատեսուած է հանդիպում ընդդիմադիր 16 կուսակցութիւններու վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի հետ: Ան անհրաժեշտ նկատեց հանդիպումը, քննարկումը եւ կապերու պահպանումը` հեռու մնալով միակ ճիշդը ըլլալու մօտեցումէն:
Մարուքեան նշեց, որ հաստատուած են կապեր եւ խորհրդակցական հանդիպումներ կայացած 16 ուժերու համակարգող մարմինի ներկայացուցիչին հետ, որ տեղեակ պահած է 16 ուժերու որոշումին մասին` առաջադրելու Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը` իբրեւ իրենց միասնական թեկնածուն: «Բնականաբար, շատ յարգանքով կը մօտենանք որեւէ ուժի վարչապետի թեկնածու ունենալու իրաւունքին: Մենք ալ իրազեկած ենք, որ մենք` իբրեւ խորհրդարանական ուժ, վարչապետի թեկնածուով կը մասնակցինք ընտրութիւններուն, հետեւաբար ունինք վարչապետի թեկնածու», դիտել տուաւ Մարուքեան: