Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօ՞թ Էք Մարիոյին

Դեկտեմբեր 5, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշխարհի ամէնէին նշանաւոր մօրուքաւոր հերոսը մեծցեր է: Ան այս տարի կը տօնէ իր 35-րդ տարեդարձը: Սուփըր Մարիօ Պրոս վիտէօ-խաղը առաջին անգամ շուկայ իջաւ Ճափոնի մէջ, 13 սեպտեմբեր 1985-ին:

***

Սկիզբի օրերուն Մարիոն… պարզապէս Մարիօ չէր: Երբ ան առաջին անգամ յայտնուեցաւ, անոր անունը Ճամփմեն էր (ցատկող անձը): Ան ատաղձագործ եւ երկրորդական կերպար մըն է «Տոնքի Քոնկ» անունով խաղի մը մէջ: Այդ խաղին մէջ ան պարզապէս կը ցատկէ տախտակէ տախտակ եւ կը փորձէ արգելքներէն խուսափիլ: Նինթենտոյի այս խաղին մէջ, մեծ կապիկն է հերոսը: Սակայն արդէն Ճամփմեն կը նմանի մեզի ծանօթ Մարիոյին: Ան հագուած է սալոփեթ տաբատ մը, դրած է քասքեթ եւ ունի պեխ: Այդ ժամանակաշրջանին գրեթէ անկարելի էր այդքան փոքրիկ անձի մը վրայ գծել բերան եւ մազեր:

 

***

Ճամփմեն կը դառնայ Մարիօ 1982-ին, երբ «Տոնքի Քոնկ Ճիւնիոր» խաղը կ՛իջնէ արքէյտի խաղին մեքենաներուն վրայ, վիտէօ-խաղերու կեդրոններուն մէջ: Այս նոր անունը անոր տուած է զայն ստեղծողը` Շիկերու Միյա-Մոթօ. Մարիօ անունը Նինթենտոյի աշխատանոցներու շէնքին տիրոջ անունն է` Մարիօ Մեկալէ, որ իտալական ծագումով ամերիկացի գործատէր մըն է: Մէկ տարի ետք Մարիօ կը դադրի ատաղձագործ ըլլալէ եւ կը դառնայ ջրմուղագործ, իսկ երկրորդական կերպարը` գլխաւոր կերպար: Ան կը դառնայ հերոսը Մարիօ Պրոս արքէյտի խաղին, որուն մէջ կը կռուի Նիւ Եորքի կոյուղիներուն մէջի էակներուն դէմ, իր եղբօր` Լուիճիի հետ: Սունկերու թագաւորութեան մէջ շրջելով` ան կը փորձէ փրկել Թոտծթուլ իշխանուհին Պրաուզըրէն, Քինկ Քուփայէն: Տեսակաւոր արգելքներ եւ վտանգներ կը սպասեն իրենց ճամբուն վրայ:

***

Շատ շուտ Մարիօ կը դառնայ Նինթենտոյի խորհրդանիշ պատկերը` մասքոթը: Տարիներու ընթացքին ան տարբեր արհեստներ կ՛ունենայ` ատաղձագործ, ջրմուղագործ, սակայն նաեւ բժիշկ, թենիս խաղցող, քարթ ինքնաշարժ քշող, նկարիչ, շինարար… Այժմ ան աւելի քան 70 վիտէօ-խաղերու գլխաւոր կերպարն է, սակայն ան նաեւ կը մասնակցի իր ընկերներուն արկածախնդրութիւններուն աւելի քան 80 ուրիշ խաղերու մէջ: 35 տարիներ ետք ան տակաւին կը պահէ իր եռանդն ու աշխուժութիւնը եւ մեզի հաճելի ժամանակներ անցընել կու տայ:

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

– Օդանաւերու հնարումէն 400 տարիներ առաջ Լէոնարտօ տա Վինչի արդէն մտածած էր, որ մարդիկ կրնային թռչիլ սորվիլ` թռչուններուն դիտելով:

– Ճարտարագէտները կ՛ուսումնասիրեն սարդի ոստայնները` կամուրջներու շինութիւնը բարելաւելու համար:

– Դլփինները կը շնչեն իրենց գլխուն վրայ գտնուող ծակի մը միջոցով:

– Թիւռեքս հոյամողէսին ուղեղը ուրիշ մսակեր անասուններու ուղեղներէն երկու անգամ աւելի մեծ էր:

– Աշխարհի վրայ արձանագրուած ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը պատահած էր Լիպիոյ մէջ, 1922-ին, երբ ջերմաստիճանը ցոյց տուած էր 58 աստիճան տաքութիւն:

– Գիտէի՞ր, որ կարգ մը երկիրներու մէջ հրաբուխի շոգի եւ տաք ջուրեր կը գործածուին ելեկտրականութիւն արտադրելու համար:

– Ճափոնի մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենան աւելի քան հազար երկրաշարժեր: Այս պատճառով երկիրը օժտուած է երկրաշարժերու ահազանգի ամէնէն լաւ դրութիւններով:

– Գիտէի՞ր, որ Ասիան աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքամասն է: Նոյնիսկ լուսինին մակերեսը անկէ աւելի փոքր է:

– Անտառներու հրդեհները կրնան յառաջանալ ժամական 9,7 քմ արագութեամբ:

– 1,7 միլիոն տոլար արժող Պուկոթի Վէյրոնը ճամբան շրջելու արտօնագիր ունեցող ամէնէն սուղ ինքնաշարժն է: Ան կրնայ յառաջանալ ժամական 407 քմ արագութեամբ:

– Երբ 1 թուանշանէն ետք կը դրուի 100 զերօ, այդ թիւը կը կոչուի կուկոլ:

– Մինչ 1 միլիոն օրը հաւասար է մօտաւորապէս 2700 տարիներու. 1 միլիոն ժամ` 114 տարիի, իսկ 1 միլիոն վայրկեան` մօտաւորապէս երկու տարուան:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող սունկերու երկու փունջերը:
Կրնա՞ս գտնել ստեպղինին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գտնուող 10 տարբերութիւնները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Դեկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Պատերազմ Եւ… Բանաստեղծութիւն

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?