Մոսկուայի բանակայիններու եւ Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Նայիր Տինկիզեան յայտնեց, որ թէեւ հրաւէր ստացած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն, սակայն ցարդ դրական պատասխան տալու որոշում չունի:
«Թէեւ մեծ հետաքրքրութիւն կայ ֆետերասիոնին կողմէ, սակայն ներկայիս անյարմար կը գտնեմ մերժել երկրորդ հայրենիքին: Մեր դիմաց ունինք 2021-ի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, եւ ամէն գնով կը փափաքիմ անոր մասնակցիլ` Ռուսիոյ կազմին հետ: Ճիշդ այդ պատճառով, ներկայիս չեմ կրնար ընդունիլ Հայաստանի հաւաքականին հրաւէրը», ըսաւ ան: