Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերստին արտօնեց իր հովանիին տակ տեղի ունենալիք միջազգային մրցումներու կայացումը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ:
Այս որոշումը վերոնշեալ կազմակերպութիւնը տուաւ, երբ անոր գործադիր խորհուրդը անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ նախորդ 9 նոյեմբերին ստորագրուած հրադադարի յայտարարութեան: