Լիբանանի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի Նոր Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Վարուժան Քէշիշեան Մաս Կազմեց Նոր Ֆետերասիոնին
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` ներկայութեամբ նախարարութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթի:
Այս ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 11 անձերն ալ ընտրուած նկատուեցան, մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով:
Ընտրութիւններուն ներկայ գտնուեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 9 ակումբներէն 8-ը:
Նոր ֆետերասիոնին մաս կը կազմէ նաեւ Վարուժան Քէշիշեան:
Իսկ ֆետերասիոնին նախագահն է Մոհամետ Տաղեր:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական