Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ երկու մրցում ունի կատարելիք Պուլկարիոյ դէմ: Այդ երկու մրցումներն ալ պիտի կատարուին մրցակիցին դաշտին վրայ:
Հայրենի կազմը կը շարունակէ իր նախապատրաստութիւնները Երեւանի մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հաւաքականը, այսօր` ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին կը կատարէ իր վերջին փորձերը, իսկ վաղը` շաբաթ, կը մեկնի Պուլկարիա: