Երէկ` հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ կատարուեցաւ «Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ օֆ-ի` աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Անոր արդիւնքին լոյսին տակ, Իտալիա կը մրցի Սպանիոյ դէմ, իսկ Ֆրանսայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Պելճիքա:
Առաջին մրցումը պիտի կատարուի 6 հոկտեմբեր 2021-ին` Միլանոյի մէջ, իսկ երկրորդը, 7 հոկտեմբերին` Թորինոյի մէջ:
Երրորդ դիրքի եւ աւարտականի մրցումները պիտի կատարուին 10 հոկտեմբերին:
Նշենք, որ «Ազգերու լիկա»-ի գործող ախոյեանն է Փորթուգալ: