Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ կեանքին ընթացքին իր նշանակած 750-րդ կոլին:
35 տարեկան Ռոնալտօ իր այդ 750-րդ կոլը նշանակեց Տինամօ Քիեւի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին (3-0):
«750 կոլ, 750 երջանիկ պահ, 750 ժպիտ համակիրներուն դէմքին վրայ: Շնորհակալ եմ բոլոր խաղացողներուն եւ մարզիչներուն, որոնք օգնեցին ինծի հասնիլ այս հրաշալի թիւին:
«Յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ 800-րդ կոլը», ըսաւ Ռոնալտօ: