Պարսելոնայի նախագահի պաշտօնակատար Քարլես Թուսքուեց, անդրադառնալով ակումբին դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապին, ըսաւ, որ անձնակազմը յառաջիկայ յունուարին աշխատավարձ պիտի չստանայ:
«Մենք այնպիսի իրավիճակի մը մէջ ենք, որ 2021 տարուան առաջին ամսուան աշխատավարձը պիտի չկարենանք վճարել: Կրնամ ըսել, որ մենք խորհրդատուական մարմին ենք եւ այդ որոշումը գործադրելու իրաւասութիւն չունինք: Ատիկա որոշողը պիտի ըլլայ նոր նախագահը: «Թէեւ այս իրավիճակը մեզի անհանգիստ կը դարձնէ, սակայն ատոր պատճառը մենք չենք, այլ` «Քորոնա» ժահրը», ըստ «Մարքա»-ի` նշեց Պուսքուեց: