Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար Ժունիոր յայտարարեց, որ փափաք ունի դարձեալ հանդէս գալ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի կողքին:
«Մեծ յոյս ունիմ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին դարձեալ մաս կը կազմենք միեւնոյն խումբին եւ միասին մրցումներու կը մասնակցինք», ըսաւ 28 տարեկան պրազիլցին:
Նշենք, որ Նէյմարի նախկին ակումբը` Պարսելոնա, 2019-ի ամրան փորձեց վերադարձնել Նէյմարը, սակայն չյաջողեցաւ համաձայնութեան գալ անոր մաս կազմած ֆրանսական ակումբին հետ: