Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԴԷՊ ՄԸ ԼԱՐՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԼԻԲԱՆԱՆ – ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

January 23, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արիտայի բնակիչներուն բողոքը

Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ շաբաթավերջին արձանագրուած լարուածութեան պատճառով սպաննուեցաւ լիբանանցի պատանի մը եւ ձերբակալուեցան երկու ուրիշներ, որոնք սակայն 24 ժամ ետք ազատ արձակուեցան` իրենց հետ ունենալով պատանիին դիակը:

Շաբաթ առաւօտեան լիբանանեան նաւակ մը, որուն մէջ կը գտնուէին ձկնորսներ Ֆատի եւ Խալետ Համատ եղբայրները եւ անոնց եղբօրորդին` 16-ամեայ Մահեր Համատը, սուրիական ծովուժին կողմէ առաջնորդուեցան դէպի Սուրիա` նկատի ունենալով, որ անոնք Լիբանանի սահմանը անցած էին եւ մուտք գործած էին սուրիական ջուրեր:

Ապահովական այս միջադէպը պատճառ դարձաւ, որ սահմանամերձ Արիտա գիւղաքաղաքի բնակչութիւնը փակէ Լիբանան – Սուրիա միջազգային ճամբան` իբրեւ բողոք լիբանանցի ձկնորսներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս կեցուածքին դէմ:

Քաղաքացիներուն բողոքի ցոյցին միացան նաեւ շրջանի քաղաքապետերն ու թաղապետերը, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մույին Մերեհպի, որ խստիւ դատապարտեց պատահարը եւ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի լիբանանցիներուն:

Մերեհպի կոչ ողղեց հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարներուն` լուծելու Լիբանան-Սուրիա սահմանային ցամաքային եւ ծովային խախտումներուն հարցը:

Մերեհպի երկրին ղեկավարները  պատասխանատու նկատեց զոհերուն թափած արեան, որովհետեւ անոնք չեն հրահանգեր լիբանանեան բանակին, որ ամբողջ սահմանին վրայ տեղակայուի եւ սահմանները պաշտպանէ:

Մերեհպի ընդգծեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար երկրին սահմանները պաշտպանել, ապա ան պէտք է միջազգային ուժեր պահանջէ, որպէսզի իր սահմաններուն ապահովութեան եւ սահմանամերձ շրջանի բնակիչներուն անվտանգութեան հսկեն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ամբողջ օրուան ընթացքին վարչապետին, պատասխանատու նախարարներուն եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ քննարկեց դէպքին մանրամասնութիւնները` դատապարտելով այն կրակոցը, որուն պատճառով արձանագրուած էր զոհ մը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ իւրաքանչիւր երկիր եւ պետութիւն պէտք է յարգէ իր գերիշխանութիւնը եւ կոչ ուղղեց թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ սուրիական կողմերուն հսկելու, որ նման դէպքեր չկրկնուին:

Նախագահ Սլէյման պահանջեց ձերբակալուած լիբանանցիները վերադարձնել իրենց ընտանիքներուն, հետաքննութիւն բանալ այս դէպքին շուրջ եւ առաջքը առնել նման միջադէպերուն:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հետեւեցաւ լիբանանցի ձկնորսներուն դէմ յարձակումի դէպքին եւ անմիջապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ապահովական պատասխանատու կառոյցներուն հետ:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս լիբանանեան եւ սուրիական ապահովական ուժերուն միջեւ գործակցութիւն հաստատել եւ ձկնորսները վերադարձնել իրենց ընտանիքներուն:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ նման յարձակումներ խստիւ դատապարտելի են` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ընդգծած են նման դէպքեր կանխարգիլող անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրելու կարեւորութիւնը:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի դատապարտեց ձկնորսները սպաննելու եւ առեւանգելու գործողութիւնը` շեշտելով, որ սահմանային նման խախտումներու դիմաց լուռ մնալը կը նշանակէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հրաժարած է երկրին գերիշխանութենէն:

Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ պահանջեց լիբանանեան բանակը տեղակայել Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ` հարց տալով, որ արդեօք կառավարութիւնը Արիտայի դէպքէն եւս զա՞նց պիտի կացուցէ ինքզինք:

Ալլուշ շեշտեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը խնդրել` պահպանելու համար իր երկրին սահմանները:

Ալլուշ Լիբանանի կառավարութիւնը ամբաստանեց ըսելով, որ անիկա Սուրիոյ կառավարութեան մէջ նախարարութիւն մըն է, որ իր իսկ երկրին մէջ կը ծածկէ սուրիական իշխանութիւններուն գործած արարքները:

Նշենք, որ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանան-Սուրիա Ապպուտիէի սահմանին վրայ սուրիական իշխանութիւնները լիբանանցի ձկնորսները` Ֆատի եւ Խալետ Համատ, ինչպէս նաեւ Մահեր Համատի դիակը յանձնեցին լիբանանեան բանակին, որ իր կարգին զանոնք վերադարձուց իրենց ընտանիքներուն:

Սակայն, ըստ սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութեան, սուրիական ծովուժը Թարթուսի մէջ կրցած է գրաւել լիբանանեան նաւակ մը, որ հիւսիսային Լիբանանի ջուրերէն հասած էր սուրիական ջուրեր` աւելցնելով, որ այդ նաւակը սուրիական կողմ հասած էր մաքսանենգումի նպատակով:

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական ծովուժը փորձած էր զգուշացնել նաւակին տէրերը, որ հեռանան սուրիական ջուրերէն, սակայն անոնք մերժած էին եւ շարունակած յառաջանալ եւ իրենց նաւակին մէջ գտնուող ապրանքները նետած ծովուն մէջ ու փորձած փախուստ տալ դէպի լիբանանեան ջուրեր:

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, սուրիական ծովուժէն պատասխանատուներ երբ ուղղուած էին նաւակին կողմը եւ ինքնութեան փաստաթուղթեր պահանջած նաւարկողներէն, Արիտայի կողմէն 5 այլ նաւակներ մօտեցած էին, կրակ բացած երեք ձկնորսներուն վրայ եւ սպաննած պատանին ու վիրաւորած անոր հօրեղբայրներէն մէկը:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ հաղորդեց նաեւ, որ սուրիական բանակը շաբաթ երեկոյեան Թալքալախի մէջ բախում ունեցած է լիբանանեան ահաբեկչական խմբակի մը հետ, որ հիւսիսային Լիբանանէն մուտք գործած էր Սուրիա:

Նշուեցաւ, որ սուրիական ուժերը սպաննած են ահաբեկչական այդ խմբակին երեք անդամները, մինչդեռ խմբակին մնացեալ անդամները փախուստ տուած են դէպի լիբանանեան հողեր: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ ահաբեկչական խմբակին նպատակն էր մեծ քանակութեամբ զէնքեր փոխադրել Մշայրֆէ սուրիական գիւղաքաղաքը, ուր մաքսանենգուած այդ զէնքերը գրաւուեցան:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐ ՌՈՒՔՈԶԻ ՎԱՆՔԸ

Յաջորդը

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՆԱՄԱԿԸ «ԱՆՕԳՈՒՏ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.