Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Յայտնաբերում Մը, Փոքրիկ Ձիաձուկը

November 28, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հարաւային Ափրիկէի արեւելեան ծովափին դիմաց, Հնդկաց ովկիանոսին մէջ կ՛ապրի իւրայատուկ անասուն մը: Ան հիփոքամփուս Նալուն է, առաջին ափրիկեան փիկմի, մանր ձիաձուկը:

Սաւանա Նալու Օլիվիէ սուզումի մարզիչ է: 2017 թուականին, երբ ան կը հետախուզէ Հարաւային Ափրիկէի Սոտուանա ծովախորշին խորութիւնները, ան կը նկարէ շատ փոքրիկ ձիաձուկ մը, հազիւ բրինձի հատիկի մը մեծութեամբ: Մէկ տարի ետք ան նկարը ցոյց կու տայ գիտնականներու: Անակնկալը մեծ է. ասիկա առաջին փիկմի մանր ձիաձուկն է, որուն գոյութիւնը կ՛արձանագրուի Հնդկաց ովկիանոսին մէջ: Ան կ՛անուանուի Հիփոքամփուս Նալու` ի պատիւ զայն գտնող հետախոյզին:

***

Մինչեւ այդ թուականը ծանօթ էին փիկմի մանր ձիաձուկի միայն 7 տեսակներ. անոնք կ՛ապրէին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Ինտոնեզիոյ, Մալեզիոյ եւ Ֆիլիփինեաններու եռանկիւնին մէջ, հարաւարեւելեան Ասիոյ, Ճափոնի ջուրերուն մէջ: Այդ ընտանիքէն նոր տեսակ մը 8000 քմ հեռու գտնելը շատ զարմանալի է, կը նմանի «ագեվազ մը գտնելու Նորվեկիոյ մէջ» ինչպէս կ՛արտայայտուի գիտնականներէն մէկը:

***

Միւս փիկմի մանր ձիաձուկերու նման, այս ձիաձուկին հասակն ալ չ՛անցնիր 2 սմ-ը: Սակայն այս ծովային անասունը խորհրդաւոր կը թուի գիտնականներուն: Ան առաջին ձիաձուկն է, որ կ՛ապրի ջրախոտերուն եւ աւազին մէջ եւ ոչ` հանդարտ ջուրերուն մէջ: Ան ունի նաեւ ուրիշ իւրայատկութիւն մը, անոր կռնակի փուշերուն ծայրերը սուր են, մինչեւ անոր զարմիկներուն փուշերուն ծայրերը տափակ են:

Գիտնականները կը շարունակեն ուսումնասիրել այս տեսակը` հասկնալու համար անոր վարմունքը: Այս նոր յայտնաբերումը կը փաստէ, որ մենք տակաւին շատ բաներ ունինք սորվելու ովկիանոսին եւ հոն ապրող անասուններուն մասին: Նոյնիսկ` անոնց մասին, որոնք կ՛ապրին մեր ծովափներուն շատ մօտ, հազիւ քանի մը մեթր խորութեան:

Ծաղիկներով Զարդարուն
Քաղաք Մը

Անցնող տարին բաւական դժուար էր ամբողջ աշխարհին համար: Մարդկութիւնը ապրեցաւ եւ տակաւին կ՛ապրի դժուար օրեր: Հետեւաբար մարդիկ կը փորձեն ձեւեր գտնել` իրենց առօրեան քիչ մը բարելաւելու, նոյնիսկ եթէ այդ բարելաւումը քիչ մը գոյն մտցնելն է մեր շուրջ:

Այս ձեւով, ամերիկացի ծաղկավաճառ Լուիս Միլըր քանի մը տարիներէ ի վեր լծուած է իւրայատուկ աշխատանքի մը, ան իր քաղաքին` Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ քիչ մը հեքիաթային մթնոլորտ ստեղծելու համար: Ան քաղաքի աղբամանները կը զարդարէ ծաղիկի փունջերով` անոնց տսկայ թաղարներու կերպարանք տալով: Ապա ան կը նկարէ իր այս ստեղծագործութիւնները եւ զանոնք կը սփռէ ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր հազարաւոր մարդիկ կը հետեւին իր լուրերուն:

Այս աղբամաններուն կողքին, Միլըր կը զարդարէ նաեւ հեռաձայնի աղկղիկներ, հանրային նստարաններ` քաղաքին մէջ աւելի գոյն մտցնելու համար:

Գոյներու Մասին

– Ուտելիքները ընդհանրապէս կը դրուին կարմիր գոյնով փաթեթներու մէջ: Մասնագէտները կը մտածեն, որ կարմիրը մեզի անօթի զգացնել կու տայ:

– Սեւը եւ ճերմակը գոյներ չեն: Սեւը պարզապէս «կը ծծէ» բոլոր տեսանելի գոյները եւ ոչ մէկ գոյն կ՛արտացոլուի: Մինչ ճերմակը կը յայտնուի, երբ բոլոր տեսանելի գոյները իրարու կը խառնուին:

– Ճերմակը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող գոյնն է: Սեւը եւրոպացիներուն նախասիրած գոյնն է: Իսկ Ասիոյ մէջ արծաթագոյնն է նախընտրելին:

– Աւելի մութ գոյնով սառոյց-պաղպաղակները աւելի շուտ կը հալին, քան` աւելի բաց գոյնով սառոյց-պաղպաղակները:

– Գոյութիւն ունի ալեքսանտրեթ անունով քար մը, որուն գոյնը կը փոխուի ըստ լուսաւորութեան:

– Ուսումնասիրութիւններ կը բացայայտեն, որ կապոյտ ներկուած սենեակը մեզ աւելի ստեղծագործ կրնայ դարձնել: Ան մեզի կը յիշեցնէ արեւուն լոյսը: Դեղինը հանդարտեցնող գոյն մը չէ, մինչ կանաչը հանդարտեցնող գոյն մը կը թուի ըլլալ:

– Աստակոսին արեւը անգոյն է: Սակայն ան կապոյտ կը դառնայ, երբ թթուածինի հետ շփման մէջ մտնէ:

– Աշխարհի ամէնէն շատ տարածուած աչքի գոյնը սրճագոյնն է:

– Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին ո՛չ միայն նարնջագոյն ստեպղիններ, այլ նաեւ` մանիշակագոյն, դեղին, կարմիր, ճերմակ եւ սեւ:

– Վագերաձիերը ձգողական ուժ մը կը զգան սեւ եւ ճերմակ գոյներուն հանդէպ: Եթէ պատի մը վրայ սեւ եւ ճերմակ երիզներ ներկուած են, անոնք կ՛երթան այդ պատին քով կենալու:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել կապիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել թռչունին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել շարքը` հետեւելով իւրաքանչիւր շարքի տրամաբանական շարունակութեան:
Նախորդը

Յայտարարութիւն (27 Նոյեմբեր 2020)

Յաջորդը

ԳԱԱ-ի Նախագահութիւնը Պահանջեց Հայաստանի Կառավարութեան Հրաժարականը

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.