Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Աչքերուն Ուշադրութիւն Դարձնենք

Նոյեմբեր 14, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք ընդհանրապէս, կը սիրենք մեր ազատ ժամերը անցընել համացանցի վրայ կամ մեր թապլեթին վրայ խաղեր խաղալով: Սակայն գիտէի՞ք, որ ասիկա մեծ ճիգ կը պահանջէ մեր աչքերէն: Այս օրերուն ասիկա յատկապէս աւելի կը ծանրանայ, որովհետեւ մենք ստիպուած ենք նոյնիսկ «դպրոց երթալ» մեր համակարգիչին առջեւ նստած:

Այս պատճառով է, որ պատանիները շատ աւելի յաճախ աչքի ցաւեր կ՛ունենան: Ակնաբուժները նկատած են, որ տեսողութեան հարցերը շատ աւելի փոքր տարիքին սկսած են յառաջանալ փոքրերուն եւ պատանիներուն մօտ: Ասոր պատճառը յաճախ այս փոքրիկ պաստառներուն առջեւ անցուցած միշտ աւելի երկար ժամանակն է:

***

Աչքը կը բանի նկարահանումի գործիքի մը նման: Ան կը ստանայ լուսաւոր ճառագայթներ, որոնք պատկերներու կը վերածուին աչքի ցանցենիին վրայ: Այս վերջինը ստացած տեղեկութիւնները կը փոխանցէ ուղեղին` տեսողական ջիղին միջոցով:

Ըստ ուսումնասիրութիւններու, պատանիները կը խոստովանին, որ յաճախ կը զգան տեսողական յոգնութիւն, խայթոցներ, աչքերու արցունքոտիլ եւ գլխու ցաւեր, երբ անոնք երկար ժամանակ անցընեն պաստառներուն առջեւ: Այս պաստառները կ՛արձակեն կապոյտ լոյս մը` անոնց մէջ գտնուող LED լամբերուն միջոցով: Այս լոյսը կը խանգարէ մեր մարմնին բնական ժամացոյցը, կը փճացնէ մեր ցանցենին եւ կը վնասէ մեր աչքերուն: Ասոր կողքին, պաստառներուն վրայի բաղադրութիւնը լաւ տեսնելու համար մենք երկար ժամանակ շատ մօտիկ հեռաւորութիւն մը կը նայինք (50-80 սմ, մինչեւ 30 սմ` հեռաձայններուն պարագային) երկար ժամանակ: Իբրեւ հետեւանք` մեր աչքը, որուն հորիզոնը սահմանափակ է, անվարժ կը դառնայ հեռուն տեսնելու: Հեռուն տեսնելու համար ան շատ մեծ ճիգ պէտք է թափէ: Ասիկա կրնայ տեսողութեան հարցեր ստեղծել: Այս հարցերէն խուսափելու համար մասնագէտները կը խրատեն ամէն 20 վայրկեանը 20 երկվայրկեան դադար առնել, նայիլ հեռուն, ձախ, ապա աջ, աչքերը թարթել 20 անգամ, պաստառներէն նուազագոյնը անգամ մը, փորձել կանոնաւոր կերպով դուրսը ժամանց մը ունենալ բնական լոյսի պակասն ալ կրնայ տեսողութեան հարցեր յառաջացնել, ինչպէս` կարճատեսութիւն:

***

Կարճատեսութիւնը տեսողութեան անկանոնութիւններէն մէկն է: Մեր տեսողութիւնը յստակ կրնայ ըլլալ, երբ պատկերը կ՛իյնայ աչքին յատուկ կէտի մը վրայ, ցանցենին: Բնական աչքը ունի 23 մմ երկայնք: Եթէ աչքը անցնի այս երկարութիւնը, լոյսի ճառագայթները չեն կրնար շատ լաւ հասնիլ ցանցենիին վրայ: Կարճատեսութեան պարագային աչքի եղջերինիին եւ ցանցենիին միջեւ հեռաւորութիւնը շատ մեծ է: Իբրեւ հետեւանք` պատկերը կը կազմուի շատ առջեւ: Տեղեկութիւնը կը հասնի ուղեղ, սակայն նկարը յստակ չէ: Կարճատեսութիւնը կրնայ ըլլալ իբրեւ հետեւանք աչքի սառնենիին անկանոնութեան: Այս պարագային պատկերը կը կազմուի ցանցենիէն շատ առաջ: Այս երկու պարագաներուն ալ աչքը չի կրնար յստակօրէն տեսնել հեռու գտնուող առարկաները: Սակայն ան մօտը լաւ կը տեսնէ: Որքան կարճատեսութիւնը ծանր ըլլայ, այնքան տեսողութիւնը յստակ կ՛ըլլայ շատ աւելի մօտէն: Կարճատեսութիւնը կը յայտնուի պզտիկ կամ պատանի տարիքին: Անոր հետ երբեմն կը յայտնուի նաեւ ասթիկմաթիզմը, այս պարագային աչքը թէ՛ մօտէն, թէ՛ ալ հեռուէն լաւ չի տեսներ եղջերնիի պզտիկ թերութեան մը պատճառով:

Հասկնանք

– Եղջերենին աչքի գունդին թափանցիկ բաժինն է, որ զետեղուած է ծիածանին առջեւ:

– Ծիածանը աչքին գունաւոր բաժինն է: Ան կը գտնուի եղջերնիին եւ սառնենիին միջեւ: Անոր կեդրոնը կը գտնուի ծակ մը` բիբը, որուն տրամագիծը փոփոխական է, եւ ուրկէ լոյսը կը թափանցէ աչքին մէջ:

– Սառնենին աչքին բնական ոսպնեակն է: Իր ձեւը փոխելով` ան կարելիութիւնը կու տայ յստակ տեսողութիւն մը ստանալ:

Կերպարներ`
Ամպերուն Մէջ Պահուած

Մենք արդէն աշնան կէսերուն ենք, եւ օդը սկսած է փոխուիլ:  Յառաջիկայ շաբաթներուն մենք առիթը պիտի ունենանք տեսնելու աւելի մեծ թիւով ամպեր: Իսկ երբ աւելի փոքր էիք, վստահաբար դուք ալ ձեր ժամանակը անցուցած էք` փորձելով տեսնել այդ ամպերուն մէջ պահուած ծանօթ ձեւեր:

Իրլանտացի արուեստագէտ Քրիս Ճաճը այս «խաղը» շարունակած է խաղալ իր չափահաս տարիքին: Սակայն ան այս խաղը աւելի զարգացուցած է: Տապլինի եւ Կալուէյի երկնքին մէջ իր տեսած ամպերը նկարած է եւ նկարներուն վրայ փոքրիկ մանրամասնութիւններ աւելցնելով` ան այդ ամպերը կերպարանափոխած է եւ` անոնց կեանք տուած:

Այս ձեւով այդ ամպերը դադրած են պարզ ամպեր ըլլալէ եւ դարձած են պզտիկ կատուներ, շնիկներ, թռչող մարդուկներ, արջուկներ…

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր լամբը միացած է ելեկտրականութեան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը: Իւրաքանչիւր սիւնակի եւ շարքի մէջ իւրաքանչիւր նշան մէկ անգամ պէտք է գտնուի:

 

Նախորդը

Իմ Կոչս Է Հայ Դատի Զինուորներուն` Երբէք Թափը Չպակսեցնել

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Նոյեմբեր 2020)

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?