Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 16 փետրուարին Կիպրոս պիտի այցելէ, Արեւելեան Միջերկրականին մէջ կազի պեղման աշխատանքներուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական համակարգումի ամրապնդման համար:
Իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Նեթանիահու իսրայէլացի առաջին վարչապետը պիտի ըլլայ, որ Կիպրոս կ՛այցելէ` նշելով, որ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ երկու տարիէ ի վեր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն ետք Թել Աւիւի եւ Նիկոսիոյ միջեւ մերձեցումին լոյսին տակ:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ բնական կազի պեղման ապահովութեան համար Կիպրոսէն խնդրած է արտօնել, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր կղզիին վրայ տեղակայուին, սակայն կիպրական ղեկավարութիւնը տակաւին այդ խնդրանքին պատասխան չէ տուած:


